Արամ Ա. կը Հետեւի Բերիոյ Թեմի Աառաջնորդին Սուրիոյ Ծովափի Հայութեան Տուած Այցելութեան

Յուլիս 29-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Պիքֆայայի վանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, կրկին ընդունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը, որ Նորին Սրբութեան մանրամասնօրէն զեկուցեց Սուրիոյ Ծովափի հայութեան տուած իր հովուական այցելութեան մասին: Այս մասին կը յայտնէ Կիլիկիոյ կաթողիկոբութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Արդարեւ, Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով սուրիահայեր ո՛չ միայն Սուրիայէն մեկնեցան ապահով վայրեր, ուր ժամանակաւոր կայք հաստատեցին, այլեւ ապաստան գտան երկրէն ներս, յատկապէս Սուրիոյ ծովափի քաղաքները, ուր եւ կը շարունակեն իրենց կեանքը: Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, թեմակալ առաջնորդը, քահանայ հայրերու եւ ազգայիններու ընկերակցութեամբ, նախապէս մշակուած ծրագրի համաձայն, այցելեց Թարթուս, Պանիաս եւ Սաֆիթա, ուր փոքրաթիւ տեղացի հայերուն եկան միանալու իրենց բնակարաններն ու գործատեղիները պարտադրաբար լքած «նոր գաղթականներ», յառաջացնելով նկատառելի թիւով համայնքներ: Երեք օրերու վրայ տարածուած գօտեպնդող ու յուսադրող մթնոլորտի մէջ, վերոյիշեալ քաղաքներէն ներս տեղի ունեցան եկեղեցական արարողութիւններ, ժողովրդային հանդիպումներ, վիճակագրական իրավիճակի պատրաստութիւն ու կարիքներու յստակացում, ինչպէս նաեւ՝ օժանդակութիւններու բաշխում:
Թեմակալ առաջնորդին եւ Ազգային Առաջնորդարանի ներկայացուցիչներուն յաջորդ հանգրուանը եղաւ Լաթաքիան, ուր տեղի ունեցան առաւելաբար խորհրդակցական եւ կազմակերպչական հանդիպումներ՝ տեղւոյն եկեղեցւոյ թաղականութեան, դպրոցի հոգաբարձութեան ու Լաթաքիոյ Շտապ Օգնութեան Մարմինին հետ:
Այս առաքելութեան վերջին տարածքը եղաւ ազատագրուած Քեսապը: Աւերիչ պատերազմը չխնայեց եկեղեցի, դպրոց եւ բնակարան՝ սրբապղծելով ու քանդելով զանոնք: Արդարեւ, Ուրբաթ, 25 Յուլիս 2014-ին, Երեկոյեան Ժամերգութեան աւարտին, մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն՝ վերաօծուեցաւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Այս առթիւ, առաջնորդ սրբազանը հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Նորին Սրբութեան օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը սուրիահայութեան վերականգնումի բոլոր ճիգերուն: Յաջորդող օրերուն տեղի ունեցան վերակազմակերպչական յատուկ աշխատանքներ եւ հանդիպումներ՝ թաղականութեանց, խնամակալութեան ու Քեսապի Շտապ Օգնութեան Մարմինին հետ: Կիրակի, 27 Յուլիս 2014-ին, Այլակերպութեան տօնին առթիւ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ իրենց պապենական տուները վերադարձած հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Պատարագի ընթացքին, հոգեպարար քարոզէ մը ետք, ջրօրհնէքի ու աղօրհնէքի արարողութիւններ կատարուեցան: Ապա, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ, ի յիշատակ Սուրիոյ եւ հայութեան բոլոր նահատակներուն: Աւարտին, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, խաղաղութեան եւ պտղաբերութեան խնդրանքով, Անդաստանի արարողութեամբ օրհնուեցան Սուրիոյ մեր ժողովուրդի զաւակները:
Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ իր գնահատանքը յայտնեց տարուած միասնական աշխատանքներուն համար եւ թելադրեց անկոտրում կամքով շարունակել զօրավիգ կանգնիլ Սուրիահայ մեր ժողովուրդին:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

