ԱՐԱՄ Ա. «Հակառակ Առկայ Տագնապին ու Անոր Պատճառած Վնասներուն, Սուրիահայութիւնը Ամրօրէն Կառչած կը Մնայ Իր Արմատներուն»

*ՊԷՅՐՈՒԹ – ԼԻԲԱՆԱՆ* Կիրակի, 20 Յուլիս 2014-ին, Ս. եւ անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Վեհարանի դահլիճին մէջ, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանին արժանացուց սուրիահայ գաղութի մշակութային ու ազգային կեանքին մէջ ներդրում ունեցող ազգայիններէն դոկտ. Հուրի Ազէզեանը (Հալէպ) եւ Յակոբ Ադամեանը (Լաթաքիա): Հանդիսութեան ներկայ էին մտաւորականներ, կրթական-մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծարեալներուն մօտիկ ազգայիններ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան ներկայացուց պարգեւատրեալ դոկտ. Հուրի Ազէզեանի մտաւորական, ազգային եւ կրթական վաստակը. իսկ Ժիրայր Դանիէլեան խօսեցաւ պարգեւատրեալ Յակոբ Ադամեանի գրական ու մշակութային ներդրումին մասին:
Վեհափառ Հայրապետը, անդրադառնալով սուրիական տագնապին պատճառով սուրիահայ գաղութի դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ ըսաւ. «Սուրիոյ մեր գաղութը Օսմանեան պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքը տեսաւ ու գոյատեւեց: Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, մեր ժողովուրդի զաւակները վերակազմակերպեցին ու ծաղկեցուցին իրենց եկեղեցական ու համայնքային կեանքը՝ դառնալով սուրիական ընկերութեան անբաժան մէկ մասը: Իրենց արաբ եղբայրներուն կողքին, անոնք կարեւոր ներդրում ունեցան ու կը շարունակեն ունենալ Սուրիոյ վերելքին մէջ: Այսօր, քաջատեղեակ ենք սուրիական հայրենիքէն ներս տիրող իրավիճակին: Սակայն, հակառակ առկայ տագնապին ու անոր պատճառած վնասներուն, սուրիահայութիւնը ամրօրէն կառչած կը մնայ իր արմատներուն ու ազգային արժէքներուն»:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային ղեկավարութիւններուն, բարեսիրական միութեանց եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի այն բոլոր գաղութներուն, հոգեւոր, պետական ու համայնքային պատասխանատուներուն եւ ազգայիններուն, որոնք կը շարունակեն զօրավիգ կանգնիլ Սուրիոյ հայութեան: Ապա, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց. «Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը հրամայական անհրաժեշտութիւն է. եւ սա համազգային խնդիր է, ինչպէս յաճախ յիշեցուցած ենք: Արդ, Մեր սպասումն է, որ այս յանձնառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները գործնապէս մասնակից դառնան Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքին»:
Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց դոտկ. Հուրի Ազէզեանը եւ Տիար Յակոբ Ադամեանը, Սուրիոյ հայութեան ազգային-եկեղեցական ու մշակութային կեանքին իրենց բերած նպաստին համար եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանով պարգեւատրեց զիրենք: Ապա, պարգեւատրեալները յաջորդաբար իրենց սրտի երախտագիտութեան խօսքերը արտայայտեցին Նորին Սրբութեան:
Una respuesta a “ԱՐԱՄ Ա. «Հակառակ Առկայ Տագնապին ու Անոր Պատճառած Վնասներուն, Սուրիահայութիւնը Ամրօրէն Կառչած կը Մնայ Իր Արմատներուն»”
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras


« Եղեռնի հարիւրամեակի կեդրոնական ՄԱՐՄՆԻ համաժողովին…»:
Երբ մարմին բառը վարչական իմաստով գործածուած է, չենք կրնար ըսել ՄԱՐՄՆԻ, այլ պարտինք ըսել ՄԱՐՄԻՆԻ, ՄԱՐՄԻՆԷ, ՄԱՐՄԻՆՈՎ:
Իսկ երբ մարմին բառը գործածուած է իր բուն իմաստով, որ է գումարը գլուխին, իրանին ու ամդամներուն, ապա ազատ ենք ըսելու ՄԱՐՄԻՆԻ, ՄԱՐՄԻՆԷ, ՄԱՐՄԻՆՈՎ կամ ՄԱՄՐՆԻ, ՄԱՐՄՆԷ, ՄԱՐՄՆՈՎ: