Մասնակցութիւնը՝ նախադրեալն Է ԵՌԱԿ-ը ՌԱԿ-ի Բոլոր Շրջանակներուն Կոչ Կ’ընէ Աշխոյժ Մասնակցութիւն Ապահովելու

Հայ հասարակութեան իրականութեան, յատկապէս սփիւռքի եւ Հայաստանի մեջ, օր ըստ օրէ աճող լուրջ իրադարձութիւններու եւ առկայ հետեւանքներու լոյսին տակ, ԵՌԱԿ-ը (Երիտասարդ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն), իր գործունէութիւնը ընդլայնելու միտքը կը բաժնէ ՌԱԿ-ի շրջանակներուն հետ, որպէսզի ՌԱԿ-ը իր աշխարհասփիւռ կառոյցով աւելի գործօն ներկայութիւն ունենայ հայ հասարակական կեանքի ծրագրուած առաջընթացին։
Այս ձգտումի հրամայականը ի մտի ունենալով՝ ԵՌԱԿ-ի յանձնախումբի ընթացիկ 6-րդ ժողովը որոշած է, ՌԱԿ-ի բոլոր շրջանակներու երիտասարդներուն խրախուսել աւելի գործօն կերպով մասնակցելու ԵՌԱԿ-ի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վերականգնելու իրենց շրջանային մասնակցութիւնը՝ ,երիտասարդ կուսակցականներով մասնակից դառնալու կուսակցական գործունէութեանց։
«Նպաստ՝ մասնակցութեամբ» կարգախօսին առաջատար շունչով, ԵՌԱԿ-ը կը շարունակէ իր գործունէութեան սկզբնական փուլը՝ արդէն ստեղծելով միջազգային կառոյցի ներածականը, շեշտը դնելով ՌԱԿ-ի սերնդափոխ “մշակոյթի” մը ներածումին:
Պէտք է նշել, որ ԵՌԱԿ երիտասարդական խմբաւորումը հանդիսաւորապէս գոյացաւ Երեւանի մէջ գումարուած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովի ծիրէն ներս ԵՌԱԿ-ի հիմնադիր համաժողովին՝ ՌԱԿ նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան օրհնութեամբ վերակենդանացնելու եւ աշխուժացնելու երիտասարդութեան ներկայութիւնը ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ կառոյցներուն մէջ, նպատակասլաց մասնակցութիւն ունենալու Հայաստան-Սփիւռք կամրջող աշխատանքներու քննարկման եւ ամրապնդման:
ԵՌԱԿ-ի առաքելութիւնը առաջին հերթին կուսակցութեան երիտասարդ տարրին ներգրաւուածութիւնը երաշխաւորելն է՝ տեղեկատուական իրազեկութիւն ստեղծելով, երիտասարդական համախմբումներ կազմակերպելով, ինչպէս նաեւ համացանցային երկխօսութիւն ձեւաւորելով։
ԵՌԱԿ-ը կը հաւատայ, որ այսօր հայ երիտասարդը հասարակական, մշակութային, նոյնպէս ընկերա-քաղաքական բնագաւառներու մէջ գործօն կերպով ներկայացուած եւ պէտք է ըլլայ:
ԵՌԱԿ-ը նաեւ կը հաւատայ, որ Երիտասարդը՝ համալսարանական թէ արհեստավարժ, ժամանակակից մտայնութեամբ, աշխուժութեամբ եւ ընդունակութեամբ շատ աւելի շինիչ լուծումներ եւ ներդրում կրնայ ապահովել մեր ներ-համայնքային հարցերուն ստեղծելով համասփիւռքեան վերելքին եւ համայնքային ղեկավարման բարելաւում:
Առաջացնելով երիտասարդ կառոյցներ, ԵՌԱԿ-ը շինիչ խնդրանքով կ’առաջարկէ ՌԱԿ-ի շրջանակներուն, որ իւրաքանչիւր շրջանակ առաջադրէ երիտասարդ թեկնածու մը ԵՌԱԿ-ի գործադիր համախմբման, որպէսզի աւելի ընդլայնուած գործունէութիւնը երաշխաւորուի:
ԵՌԱԿ-ը ներկայիս մօտ 9 երկիրներու մէջ ներկայութիւն եւ կազմակերպչական ցանց ծաւալած է. չսահմանափակուելով՝ Հայաստանի, Արցախի, Արժանթինի, Երուսաղէմի, Յորդանանի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի մէջ՝ շատ մեծ քաջալերութեամբ նաեւ ստացած է ՌԱԿ Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ երիտասարդներու մասնակցութեան պատրաստակամութիւնը , որ պիտի ապահովէ ԵՌԱԿ-ի կազմաւորման հանգրուանէն, երկրորդ՝ գործնական փուլին անցնիլը:
Ձգտումներու այս աշխուժութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ ԵՌԱԿ-ի խօսքը կը փոխանցուի ՌԱԿ-ի շրջանակներուն փոխկապակցուած յաջողութիւններու նպատակներով, որպէսզի այսօրուան ՌԱԿ-ը կարենայ հայ հասարակութեան յառաջընթացին իր յանձնառութիւնը շարունակել ՝ ՌԱԿ-ի երիտասարդութեան ներդրումով ու մասնակցութեամբ:
ԵՌԱԿ Համաշխարհային Վարչութիւն
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

