Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի

Յուլիս 31-ի Կիրակի յետ միջօրէին ընդունելութիւն մը տրուեցաւ ի պատիւ ՌԱԿ կեդրոնական նորընտիր վարչութեան ատենապետ ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին, Նիւ Եորք – Նիւ Ճըրզիի Արմենական Յովսէփեան ակումբի կողմէ: Մեր յարգելի ղեկավար ընկերոջ կ’ընկերակցէր սոյն վարչութեան փոխ ատենապետ ընկ. Էօժէն Քարաճեան: Անոնք մեր շրջանը կ’այցելէին ազգային կարեւոր ժողովի մը մասնակցելու առաքելութեամբ:
Ընթրիքը սկսելէ առաջ հրաւիրեալները խմիչքները ձեռքերնին առիթը ունեցան զուարթ մթնոլորտի մը մէջ իրարու հետ զրուցելու եւ ծանօթանալու մեծարգոյ հիւրերուն: Հաւաքին գլխաւոր բաժինը սկսաւ կուսակցութեանս քայլերգով, որմէ վերջ իր բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՌԱԿ Արմենական Յովսէփեան ակումբի ատենապետ եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Նորայր Մկրտիչեանը: Ան ներկաներուն բարեգալուստ մաղթելէ ետք, բոլորին կողմէ շնորհաւորեց ընկերներ Սերխիօն եւ Եուճինը իրենց ընտրութեան առիթով, եւ ապա ներկայացուց զիրենք:
Ընկ. Ս. Նահապետեան կու գայ արժանթինաբնակ ազգասէր եւ ազգանուէր ընտանիքէ մը: Ան պատանի տարիքէն սկսած է ծառայել իր ազգին, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի միջոցաւ: Իր հայրը՝ ընկ. Նահապետ Նահապետեան Պուէնոս Այրէսի մէջ հիմնած է Արժանթինի ՌԱԿ-ը, ինչպէս նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը:
1989-1993 տարիներուն Սերխիօ Նահապետեան զանազան պաշտօններ վարած է Պուէնոս Այրէսի կառավարութեան տարբեր բաժիններուն մէջ, մասնաւորաբար պաշտպանութեան եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներէն ներս: 2005 թուականէն ի վեր ան անդամ է Պուէնոս Այրէսի երեսփոխանական ժողովին: Իսկ 2010 թուականէն ի վեր ան գործադիր տնօրէնն է սոյն քաղաքին իրաւապաշտպանութեան: Կառավարական այս աշխատանքներու առընթեր ան պատասխանատու պաշտօններ վարած է նաեւ «Դեմոկրատական Միութիւն» տեղական կուսակցութենէն ներս, շրջան մը ըլլալով անոր նախագահը:
Ան իր վերոյիշեալ գործունէութեանց խողովակով ստեղծած լծակները օգտագործելով մեծ դեր խաղցած է Արժանթինի կառավարութեան կողմէ ցեղասպանութիւնը ընդունուելու գործին մէջ:
Ընկ. Նահապետեան գործունեայ անդամ մը եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, որոշ ժամանակ մը վարելով անոր Երիտասարդական Ընկերակցութեան նախագահի պաշտօնը: Ան եղած է նաեւ ՌԱԿ-ի Հարաւային Ամերիկայի շրջանային վարչութեան ատենապետ, տնօրէն Սարդարապատ հայկական շաբաթաթերթին, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցուոյ Արժանթինի թեմի վարչական հաստատութեան քարտուղար եւ Պօղոս Արզումանեան հիմնադրամի փոխնախագահ:
Ան պարգեւատրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ Ներսէս Շնորհալի շքանշանով, ՀՀ նախագահի կողմէ Մովսէս Խորենացի շքանշանով, Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Պօղոս Նուպար շքանշանով, Սուրիոյ ԹՄՄ-ի կողմէ պատուոյ շքանշանով եւ Պուէնոս Այրէսի ՀԲԸՄ-ի պատուոյ անդամի կոչումով:
Ընկ. Մկրտիչեան իր բացման խօսքը աւարտելէ ետք հրաւիրեց ՌԱԿ կեդրոնական Վարչութեան նորընտիր ատենապետը որ իր խօսքը փոխանցէ ներկաներուն:
Ընկ. Ս. Նահապետեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ մեր կուսակցութիւնը միշտ եղած է մեր հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին կողքին: Առանց մեր հայրենիքին գոյութեան եւ հզօրացման, հայութիւնը ի վերջոյ դատապարտուած է կորուստի: Այս պատճառով ալ, հակառակ մեր երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող անբարենպաստ պայմաններուն, որոնք անպայման որ կը կարօտին բարեփոխումներու, պէտք է շարունակենք միշտ օգնել մեր հայրենիքին, որպէսզի ան չենթարկուի այն տխուր ճակատագրին, որուն ենթարկուեցաւ առաջին հանրապետութիւնը:
Ան շեշտեց կարեւորութիւնը նոր սերունդին ներառման՝ մեր ազգային կեանքէն ներս, նոր աւիւն ներարկելու մեր շարքերուն մէջ: Առաւել եւս ան թելադրեց որ քաջալերենք զանոնք մաս կազմելու իրենց ապրած երկիրներուն քաղաքական կեանքէն ներս, իրենց այդ ձեւով ձեռք ձգած լծակները կարենալ օգտագործելու յօգուտ մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին:
Ընկ, Նահապետեան շարունակեց իր խօսքը, արտայայտելով այն գաղափարը, թէ հասարակական կեանքին մէջ միշտ կ’ըլլան տարակարծութիւններ եւ եսասիրութեան որպէս արդիւնք՝ բախումներ: Ան ըսաւ թէ պէտք է անկարելին կարելի դարձնենք յաղթահարելու համար նման դժուարութիւնները: Ամէն մարդ գործ մը կրնայ ընել, եւ պէտք է առիթը տրուի անոնց որպէսզի կատարեն իրենց ներդրումը ի շահ իրենց պատկանած կազմակերպութեան:
Ան մատնանշեց թէ մեր կուսակցութիւնը միակն է աւանդական կուսակցութիւններուն մէջ, որ ձախակողմեան չէ: Երբ 25 տարի առաջ տապալեցաւ համայնավարութիւնը եւ Հայաստանը անկախ պետութիւն դարձաւ, մենք քսանչորս երեսփոխան ունէինք: Դժբախտաբար ներկայիս ոչ իսկ մէկ երեսփոխան ունինք: Ասոր յանձանքը մերն է եւ մեզի արտօնուած չէ նոյն սխալները կրկնել: Ըլլայ սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, ժողովուրդին ութսուն առ հարիւրը մեզի պէս կը մտածէ մեր գաղափարները կը կիսէ եւ մեր պարտականութիւնն է պէտք եղած առաջնորդութինը տալ այս ժողովուրդին, մոռնալով մեր անձնական ճղճիմ հաշիւները:
Ընկ. Նահապետեանի խօսքէն ետք կերուխումը շարունակուեցաւ ընկերական ուրախ մթնոլորտի մը մէջ: Երեկոն փակելէ առաջ եղաւ կարճ հարց ու պատասխանի ժամանակամիջոց մը:
ՌԱԿ-ը հպարտ պէտք է զգայ, որ այսպէս գերագոյն ղեկավար ունի՝ փորձառու, արհեստավարժ դիւանագէտ եւ ազգանուէր հայորդի մը:
Նշենք, որ օր մը առաջ Նիւ Ճըրզիաբնակ վաստակաւոր ընկերուհի Արփի Անդրէասեան-Արսլանեան իր տան մէջ մտերմիկ ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր ի պատիւ հիւրին:
ՏԻՐԱՑՈՒ
Նիւ Ճըրզի
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

