«Արցախի Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Հեռանկարներ»

«Զարթօնք»ի նախաձեռնած տեղեկատուական եւ վերլուծական հանդիպումներու «Շրջանը Դէպի Ո՞ւր» շարքի ծիրէն ներս, երրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ երէկ՝ Երկուշաբթի, 1 Օգոստոս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թէքէեան Կեդրոնի «ՌԱԿ-ի Լսարան»ի մէջ:
Հանդիպման նիւթն էր «Արցախի Հակամարտութեան Խաղաղ Կարգաւորման Հեռանկարներ»ը: Օրուան զեկուցաբերը ըլլալու ազնուութիւնը յանձն առած էր՝ Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանը:
Հանդիպումը առիթ մըն էր լսելու Պրն. Դեսպանին համապարփակ զեկուցումը Արցախի հիմնահարցին առընչութեամբ՝ իր սկզբնաւորութենէն մինչեւ տարբեր հանգրուաններու բանակցութիւնները, հասնելով ապրիլեան չորս օրեայ պատերազմը եւ ներկայի թնճուկը: Օգտաշատ էր իր աղբիւրէն լսել Արցախի վերաբերող հարցերուն լուսաբանման մասին: Պրն. Դեսպանի տուած տեղեկութիւններն ու վերլուծումները աւելի քան գոհացուցիչ էին՝ այս մտերմիկ հանդիպման ներկաներուն համար:
Աւարտին հետաքրքրասէր ներկաները առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու եւ լուսաբանութիւններ ստանալու յարգելի հայրենի դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանէն:
Մանրամասնութիւններուն պիտի անդրադառնանք:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

