ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Շնորհակալական Այցելութիւն մը Տուաւ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ընկերներ Սեւակ Յակոբեան եւ Վարդան Ուզունեան, այցելութիւն մը տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Կաթողիկոսին, պաշտօնապէս շնորհակալութիւն յայտնելու Վեհափառին, վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովին իր յղած Օրհնութեան Գիրին համար:
Այցելութիւնը առիթ մըն էր Վեհափառ հօր հետ արծարծելու Հայ ազգն ու Կուսակցութիւնս յուզող հարցեր:
Վեհափառը շնորհաւորելով ՌԱԿ Կեդրոնական նորընտիր վարչութիւնը, վերահաստատեց իր կեցուածքը՝ Սփիւռքեան Հայ Երեք քաղաքական կուսակցութիւններու գոյութեան կարեւորութեան վերաբերեալ, որ եկեղեցիին կողքին անզուգական դեր ունեցած են սփիւռքահայութեան կեանքի կազմակերպման աշխատանքին մէջ: Վեհափառը շեշտը դրաւ կուսակցութիւններու միջեւ համերաշխ գործունէութեան կարեւորութեան վրայ, յօգուտ Հայ ժողովուրդի բարօրութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման:
Վեհափառը տեղեկութիւններ տուաւ Սիսի Կաթողիկոսութեան կալուածները վերադարձնելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին նորութիւններուն առընչութեամբ:
Ընկեր Սեւակ Յակոբեան, Արամ Ա. Վեհափառին փոխանցեց ՌԱԿ-ի վճռակամութիւնը՝ մէկ կողմ դնելու անցեալի վերաբերող ամէն բարդոյթ եւ լաւագոյն յարաբերութեան մէջ ըլլալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ, շեշտելով, որ «եկեղեցական տագնապը» այլեւս պատմութեան կը պատկանի, ի տես Հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային հարստութիւնները համարուող երկու կաթողիկոսութիւններու գահակալներուն եղբայրական գործակցութեան:
Իր կարգին, ընկեր Վարդան Ուզունեան Վեհափառ հօր յանձնեց ՌԱԿ 27-րդ Պատգամաւորական ժողովին անունով յատուկ յուշանուէրը:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

