Լիբանանի Թմմ-Ը Պատուեց Ընկ. Եւ Ընկհ. Վարդան Եւ Ռոզէթ Ուզունեանները

Լիբանանի ԹՄՄ-ը՝ իրենց Լիբանան այցելութեան առիթով ընդունելութեամբ մը պատուեց Ընկ. եւ Ընկհ. Վարդան եւ Ռոզէթ Ուզունեանները, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ:
Ընկեր Վարդան Ուզունեան ատենադպիրն է ԹՄՄ Լոնտոն Թրասթին եւ նախագահը՝ հայրենիքի մէջ գործող «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամին: Ան իր այս պատասխանատու պաշտօններուն կարգին, գանձապահն է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր կեդրոնական Վարչութեան:
Նախ պաշտօնական ապա մտերմիկ հանդիպումին ներկայ եղան ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ ընկերներ Սեւակ Յակոբեանը եւ Հրայր Հովիւեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկեր Միքայէլ Վայէճեանը եւ Լիբանանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւագանին:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ դրուեցան ապագայի ծրագիրներ:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Գասարճեան իր բարեգալուստի խօսքին մէջ շեշտեց միութենական եւ կուսակցական տարբեր կառոյցներու գործակցութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ անցեալի վերաբերող ու անձնական ամէն հարց մէկ կողմ դրած դէպի ապագայ քալելու անհրաժեշտութեան մասին:
Ընկեր Ուզունեան իր կարգին ուրախութիւնը յայտնեց, ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի Պէյրութի ընտանիքին մէջ գտնուելու առթիւ, որ իր տունն է արդէն:
Պաշտօնական հանդիպման յաջորդեց ընկերային հանդիպում մը, ճաշասեղանին շուրջ:
Ընկեր եւ ընկերուհի Ուզունեաններ լաւապէս տպաւորուած ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակի աշխատանքներով, սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարեցին Լիբանանի ՌԱԿ-ի կառոյցին:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

