Հզօր Հայրենիք Ունենալու Համար Սփիւռքը Եւ Հայաստանը Պէտք Է Միասին Աշխատին.Սերխիօ Նահապետեան

*Գէորգ Չիչեան*
Մայիս 30-ին Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) վարչութեան նորընտիր անդամները` վարչութեան նորընտիր ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանի գլխաւորութեամբ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ ընդունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` վարչութեան ատենապետը իր ողջոյնի խօսքը յղած է ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնած ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` պատգամաւորական ժողովի բացման մասնակցելուն եւ ՀՀ Նախագահի ուղերձը ներկայացնելուն համար: «Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը իր պատմութեան մէջ միշտ հայ ժողովուրդի կողքին եղած է: Մենք մեզ «Թէքէեանական» կը կոչենք եւ Վահան Թէքէեանի պատգամն է, որ մեզ աշխատանքի հանդէպ սիրով, հայրենասիրութեամբ կը լեցնէ: Կը հաւաստիացնեմ, որ կուսակցական ըլլալը ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանք կ’ենթադրէ: Մենք համախմբուած աշխատելու կարիքը ունինք, պէտք է նաեւ համագործակցինք սփիւռքի այլ կազմակերպութիւններու հետ` համահայկական նշանակութեան հիմնախնդիրները լուծելու նպատակով: Երիտասարդական Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ԵՌԱԿ) ներկայացուցիչները այսօր կը գործեն շատ խանդավառ, որ մեծապէս կ’ոգեւորէ աւանդական հայ կուսակցութեան տարեց սերունդը:
Սփիւռքի մէջ նոյն հպարտութեամբ, ազգային վառ ապրումներով կ’աշխատինք` ի շահ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան: Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ ներկայացուցիչներ ունինք, որոնք հայապահպանութեան ուղղուած տարբեր ծրագիրներ կ’իրականացնեն: Կը վստահեցնենք, որ հզօր Հայրենիք ունենալու համար Սփիւռքը եւ Հայաստանը պէտք է միասին աշխատին:
Կուսակցական կարեւոր առաքելութիւններէն է Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Ի հարկէ, մեր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ են նաեւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները:
Թո՛ղ Աստուած ուժ եւ կարողութիւն տայ` յետագայ ծրագիրները կեանքի կոչելու համար: Մենք հայաստանակեդրոն ու միշտ Հայրենիքի կողքին ենք», -«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ըսած է Սերիխիօ Նահապետեան:
Աւելցնենք, որ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը Մայիս 26-27 Երեւանի` Թէքէեան կեդրոնին մէջ, գումարած է հերթական` 27-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը: Օրէնսդիր գերագոյն ժողովին մասնակցած են ՌԱԿ-ի 16 շրջաններէ ընտրուած լիազօր ներկայացուցիչներ: Ժողովի աւարտին ընտրուած է կուսակցութեան նոր կեդրոնական վարչութիւնը` ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանի (Արժանթին) գլխաւորութեամբ:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

