ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐ

2 Յունիս 2016
Մեծարգոյ Պրն. Նախագահ եւ Անդամներ
Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտըսթակի
Յարգելի տիկնայք եւ պարոնայք,
Անհուն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պունտըսթակի կողմէ, մեր ժողովուրդին եւ այլ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ՝ 20-րդ դարասկիզբին գործադրուած Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունումը ձեր անդամակցած խորհրդարանին կողմէ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնս խորապէս կը հաւատայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նախագահին պատմական յայտարարութենէն ետք, Պունտըսթակի կողմէ ընդունուած այս բանաձեւը կը հաստատէ Գերմանիոյ նման մեծ պետութեան մը մեծ ներդրումը՝ Հայ ժողովուրդի արդար Դատի ճանաչման գործընթացին մէջ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրով Ձեր կողմէ ընդունուած բանաձեւը ո՛չ թէ յաղթանակ մըն է Հայ ժողովուրդին միայն, այլ ան յաղթանակն է ազատ աշխարհի համայն ժողովուրդներուն եւ համաշխարհային մարդկային իրաւունքներուն ու կարեւոր քայլ մը մարդկային պատմութեան մէջ՝ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու դատապարտման ու կանխարգիլման գործընթացին մէջ:
Այս առիթով պիտի խնդրենք ընդունիլ մեր եւ մեր ժողովուրդին շնորհակալութիւնը ձեզի եւ ձեր միջոցաւ գերմանացի ժողովուրդին:
Հայ ժողովուրդը յաւէտ երախտապարտ է Ձեզի՝ այս մարդկային ու քրիստոնէավայել ձեր կեցուածքին համար:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

