• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ընկ. Վարդան Նազիրեան «Զարթօնք»ի Խմբագրատան մէջ

07.11.2015   03:02

Երէկ յետմիջօրէին  «Զարթօնք»ի խմբագրատուն այցելեց ՌԱԿի գործունեայ եւ տինամիք անդամ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շինարարական գործունէութեամբ զբաղող եւ իր ազգանուէր ու ազգաշէն գործունէութեամբ լաւածանօթ, նախկին լիբանանահայ՝ ընկ. Վարդան Նազիրեանը:

Ընկերային մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հանդիպումը առիթ մըն էր՝ յարգելի ընկերոջ հետ զրուցելու կուսակցութիւնս եւ Հայ ժողովուրդը յուզող հարցերու մասին: Հետաքրքրական էր լսել իր լաւ ու դրական տպաւորութիւնները՝ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մասին, ուր վերջերս ան յաճախ այցելած է: Ընկ. Վարդան այսօր դարձեալ Պէյրութի վրայով կը մեկնի Երեւան:

Տեղին է յիշել, որ ընկ. Նազիրեան Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամակցած է կանուխ տարիքէն՝ 1976ին, ըլլալով անոր երիտասարդական շարժման հիմնադիրներէն: Շրջանի մը համար վարած է ՌԱԿ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի ատենապետութեան պաշտօնը:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner