Ֆեթհիէ Չեթին «Զարթօնք»-ի Խմբագրատան Մէջ

Շաբաթ 28 Մարտ 2015-ի կէսօրին, «Զարթօնք»-ի խմբագրատուն այցելեց հանրածանօթ գրող՝ «Մեծ Մայրիկս» նշանաւոր գիրքին հեղինակ (որ նուիրուած է իր Հայազգի մեծ մայրիկին), Հրանդ Տինքի դատի իրաւաբաններէն, Հայ ժողովուրդի արդար Դատի ականաւոր պաշտպաններէն Տիկին Ֆեթհիէ Չեթին առաջնորդութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն՝ Պրն. Կրէկուար Գալուստի, որուն գլխաւորած վարժարանի հրաւէրով ան Պէյրութ կը գտնուի այս օրերուն, ներկայ գտնուելու եւ ելոյթ ունենալու զանազան ձեռնարկներու:
Ազնիւ հիւրին կ՛ընկերակցէին նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոկան Մարմնի ատենապետ Տիկ. Սեդա Խտըշեան եւ անդամներ Պրն. Արթօ Քունտաքճեան եւ ընկ. Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան, ինչպէս նաեւ Գերապատիւ Հայր Ղազար Վրդ. Պետրոսեան:
Ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումը առիթ մըն էր մօտէն ծանօթանալու Տիկ. Չեթինի հայանպաստ անզուգական աշխատանքներուն, ուր ան համբերութեամ պատասխանեց մեր մէն մի հարցադրումին: Տիկ. Չեթին, Թուրք ժողովուրդին մօտ Հայոց Ցեղասպանութեան ու Դատին ի նպաստ վերջին տարիներուն ու մանաւանդ Հրանդ Տինքի սպաննութենէն ետք սկիզբ առած զարգացումներուն ու յառաջիկայ Ապրիլին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ժողովրդային հաւաքներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման առընչութեամբ կատարուելիք հաւաքներուն մասին մեզի փոխանցեց կարեւոր տեղեկութիւններ:
Հայազգի մեծ մօր արժանաւոր թոռնուհի՝ Տիկ. Ֆեթհիէ Չեթին դէպի արմատներ իր որոնումներու մէջ նաեւ ծանօթացաւ ընդհանրապէս մեր գաղութին ու մասնաւորաբար մեր թերթին եւ զայն հովանաւորող կուսակցութեան աշխատանքներուն:
«Խմբ.»
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

