• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Լիբանանի Պետական Երեսփոխան Ժան Օղասապեան Այցելեց Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոն

11.03.2015   23:42

Երէկ երեկոյեան պետական երեսփոխան Ժան Օղասապեան այցելեց Թէքէեան Կեդրոն՝ հանդիպում ունենալու համար ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հետ:

Ընկերային ծառայութեանց վերաբերող որոշ կազմակերպչական աշխատանքներ համադրուելէ ետք, յարգելի Երեսփոխանը մասնակցեցաւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ժողովին: Ժողովին ներկայ եղաւ նաեւ ՌԱԿ-ի պետական նախկին երեսփոխան ընկեր Յակոբ Գասարճեանը:

Ժողովը առիթ մըն էր պետական երեսփոխանէն լսելու Լիբանանի եւ շրջանին վերաբերող քաղաքական, տնտեսական ու ապահովական վերլուծումներ, ինչպէս նաեւ իր հետ արծարծել գաղութիս վերաբերող հիմնահարցեր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner