ԱԶԴԱԿ- ԱՐԱՐԱՏ- ԶԱՐԹՕՆՔ-Ի ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԱԿԱԳԻԾԸ

Ապրիլ 24-ի օրը հրատարակուող ԱԶԴԱԿ-ԱՐԱՐԱՏ-ԶԱՐԹՕՆՔ միացեալ օրաթերթի բովանդակութեան յատակագիծը արդէն պատրաստ է` երեք օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներու աշխատանքային հանդիպումներէն բխած։
Թիւը պիտի ունենայ միացեալ խմբագրական, որուն բովանդակային առանցքը հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով հրապարակուած համահայկական հռչակագրի ճշդած հիմնադրյթներուն վրայ։ Իբրեւ առաջնորդող երեք յօդուածներ ստորագրութիւն պիտի ունենան հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պետական-քաղաքական գործունէութեան մէջ պատասխանատուութիւններ վարած անուններ։
Միացեալ օրաթերթի առաջին էջը բնականաբար տեղ պիտի յատկացնէ պետական եւ հոգեւոր բարձրագոյն մակարդակներէ յղուած ուղերձներու եւ ապրիլ 23-ին հայրենիքի, Սփիւռքի եւ Լիբանանի մէջ 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած կարեւորագոյն ձեռնարկներուն։
Յօդուածագրական բաժնին համար որոշուեցաւ տեղ տալ բացառապէս երեք օրաթերթերու խմբագրակազմերու անդամներուն յատկապէս խմբագրական պատասխանատու պաշտօններ վարող մամուլի երիտասարդ գործիչներուն։
Միացեալ թիւը առեւտրական-գովազդային բաժին պիտի չունենայ։ Երեք թերթերու խմբագրութիւնները սկսած են դիմումներ ստանալ տարբեր հաստատութիւններու կողմէ հայ մամուլին աջակցելու։ Աջակցելու նպատակով խմբագրութիւններուն յղուած հաղորդագրութիւններուն տեղի պիտի տանք նկատի ունենալով անոնց պատշաճութիւնը` թիւի բովանդակութեան։
Միացեալ թիւէն օրինակներ պիտի ուղարկուին Հայաստանի հանրապետութեան թէ Սփիւռքի մամուլի խմբագրութիւններուն, մատենադարաններուն եւ գրադարաններուն։
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

