Այնթապահայութեան Տեղահանութեան, Բնաջնջումին Եւ Գոյքերու Իւրացման Նուիրուած Սեմինար

Շաբաթ 24 Յունուար 2015-ի յետմիջօրէին Թէքէեան Կեդրոնը ժամադրավայրը հանդիսացաւ Այնթապի պատմութեամբ հետաքրքրուած ակադեմականներու, լրագրողներու, մտաւորականներու եւ Այնթապահայ պատասխանատուներու, որոնք եկած էին ներկայ գտնուելու ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին կազմակերպած անցեալ շաբթուայ երկրորդ ձեռնարկին, որ Այնթապահայութեան տեղահանութեան, բնաջնջումին եւ գոյքերու իւրացման նիւթին նուիրուած սեմինար մըն էր:
Արդարեւ կ.ե. ժամը 4:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00 երկարած սեմինարին ընթացքին, ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբին հիւրը հանդիսացող Պրն. Ումիթ Քուրթ ներկաներուն՝ որոնց կը գլխաւորէին ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Գերշ. Նարեկ Արք. Աշքարեանը, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Միքայէլ Վայէճեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ ընկերներ, հրամցուց վերոյիշեալ իր նիւթով շահեկան թէզը:
Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի ձեռնհասօրէն վարած սեմինարը առիթ մը հանդիսացաւ ներկաներուն իրենց հետաքրքրող բոլոր հարցերը քննարկել յարգելի հիւրին հետ, որոնց բոլորին տրուեցաւ գոհացուցիչ պատասխաններ:
Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:
Deja un comentario
NOTICIAS
-
12.03.2019
Setrak Kurejian
-
16.01.2019
Անժամանցելի Սարուխանը Այսօր
-
11.01.2019
En la Argentina y en Armenia Reconocimiento al trabajo del Dr. Roberto
-
11.01.2019
Propulsor del reconocimiento del genocidio armenio en su país Con el
-
11.01.2019
Señora Nadya Kaspar de Ekserciyan, “Personalidad del año 2018 de las
-
05.12.2018
Ալեքսանտր Սարուխան Ծննդեան 120 Ամեակ
-
16.11.2018
ARA KHATCHADOURIAN VISITE MESROBIAN
-
27.10.2018
No aprobó las enmiendas al Código Electoral
-
27.10.2018
Jean Almouhian, con un lugar propio en Armenia
-
27.10.2018
La visita de los jóvenes atletas olímpicos armenios a nuestras

