• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Դասախօսական Ձեռնարկը

24.01.2015   23:37

Ուրբաթ 23 Յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Վահան Թէքէեան Վարժարանի «Յակոբ Պարսամեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի կազմակերպած դասախօսական ձեռնարկը:

Ձեռնարկը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած տարուան առաջին ձեռնարկն էր, նախագահեց Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ հովանաւորուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին կողմէ:

ՀՀ Հիւպատոսին, ՌԱԿ-ի, ԹՄՄ-ի եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու ու հետաքրքրասէր ներկաներուն առջեւ ելոյթ ունեցաւ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Խորհուրդի Լիբանանի Յանձնախումբի հրաւէրով հիւրաբար  Պէյրութ գտնուող ակադեմական Ումիթ Քուրթ, որ ներկաներուն հրամցուց «Թրքական Տեղական Իշխանութեանց Պատասխանատուութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ. Այնթապի Հայութեան Տեղահանութիւնն ու Բնաջնջումը» հետաքրքրական խորագիրը կրող իւրայատուկ եւ չափազանց շահեկան դասախօսութիւն մը:

Մանրամասնութիւնները յաջորդիւ:

Share Button

Deja un comentario

Tu dirección de correo electrónico no será publicada. Los campos obligatorios están marcados con *

Media Partner