«Մշակութային Կանգառ»` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

ՀՀ մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան ստորագրած են 73 միլիոն դրամի համագործակցութեան յուշագիր:

«Մեր «Մշակութային կանգառ» ծրագրի, թոյլ տուէք ասել` «մշակութային ինտերուենցիա»-ի (մշակութային միջնորդութիւն-ԵՌԳ․), յայտարարումից յետոյ միանգամից արձագանգեցին մեր բարեկամները, մասնաւորապէս, «Փիւնիկ» հիմնադրամը: Սա, իսկապէս, աննախադէպ միջոցառում է. 426 մշակութային այց, մօտ 200 կինոցուցադրում` հիմնադրամի տրամադրած շարժական կինոթատրոններով, ընդհանուր առմամբ, աւելի քան 600 մշակութային միջոցառում` չհաշուած փառատօնային այցելութիւնները: Եւ այս ամէնին իր սիրայօժար աջակցութիւնն է բերում «Փիւնիկ» հիմնադրամը»,- յուշագիրի ստորագրումէն ետք ըսած է նախարար Արմէն Ամիրեան:

Նախարարութեան ֆէյսպուքեան էջէն կը տեղեկանանք, որ նախարարութեան նախաձեռնած «Մշակութային կանգառ» ծրագիրով Հայաստանի պետական բոլոր երաժշտական եւ թատերական խումբերը հիւրախաղերով ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանի մարզերուն եւ Արցախի մէջ:

«Մենք սիրով արձագանգեցինք, քանի որ մեր սրտին խօսող բան մըն է: Նախարարը մեզի ուրախ լուր տուաւ 2017-ի համար»,- նշած է «Փիւնիկ» համահայկական հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չէմպէրճեան:

Նախարար Ամիրեան նաեւ ըսած է, որ ծրագիրը միաժամանակ մարզերուն մէջ  ունեցած մշակութային հարթակները հաշուառելու, մարդկային մշակութային ներուժը գնահատելու եւ յետագային նախարարութեան օժանդակութիւնը ճիշդ կազմակերպելու հնարաւորութիւն է:

 

«Իսկ արդիւնքը գնահատելիս կ’առաջնորդուենք վաճառուած տոմսերի քանակով: Խնդիրը շատ կամ թանկ տոմս վաճառելը չէ: Դրանց գինն ընդամէնը 300 դրամ ենք սահմանել. մեր խնդիրն է նաեւ մարզերում, համայնքներում ստեղծել մշակութային միջոցառումների կազմակերպման ենթակառուցուածքներ: Հաւատացէ՛ք, որ նման ախտորոշումը նաեւ որակական փոփոխութիւն է բերելու, որովհետեւ մի բան է, երբ ձրի համերգին աշակերտներին պարտադրելով են բերում դահլիճ, մէկ այլ բան է, երբ գիւղում ապրող մարդը` տեսնելով պաստառը, սիրայօժար գնում է էժան տոմսն ու մասնակացում համերգին»,- նշած է նախարարը:

Ա. Ամիրեանի խօսքով` մշակոյթի հետ շփուիլը այսօր, կարծես, շքեղութիւն դարձած է մարզին մէջ ապրող մարդու համար` ի տարբերութիւն Երեւանի, ուր մշակութային կեանքը շատ բարձր մակարդակի վրայ է:

«Մենք պարզապէս մեր բաժնից պէտք է հասցնենք մեր համերկրացիներին»,-ըսած է նախարարը` վստահութիւն յայտնելով, որ «Մշակութային կանգառ» ծրագիրը լրջօրէն պիտի փոխէ պատկերը ու մշակութային միջավայրը:

Ուխտաձորի Մէջ Դասերը Շուտով Պիտի Տեղափոխուին Դպրոցական Նոր Շէնք

Հադրութի շրջանի Ուխտաձոր համայնքին մէջ շուտով պիտի գործէ 130 տեղ ունեցող նորակառոյց ուսումնական հաստատութիւն։ Անիկա նաեւ պիտի ծառայէ մօտակայ Հարթաշեն գիւղի աշակերտներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

Ուխտաձորի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Արթուր Արզումանեան յայտնած է, որ նոր պայմանները նոր յոյս կը ներշնչեն կրթօճախի աշխատակազմին: «Ուխտաձորի դպրոցին մէջ այժմ կ’ուսանի 48 աշակերտ, որոնց 8-ը առաջին դասարանցի են: 10 երեխայ ալ կը յաճախէ նախադպրոցական խումբ:

Անցեալ ուսումնականին համեմատ` աշակերտներու թիւը 2-ով աճած է: Այս տարի պիտի ունենանք 3 շրջանաւարտ: Թէեւ այժմ աշակերտներուն թիւը քիչ է, սակայն ամէն ինչ կ’ընենք, որ ապահովենք աշակերտներու ուսումնառութեան բարձր մակարդակը: Նորակառոյց դպրոցը ունի ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան հնարաւորութիւններ` ուսումնամեթոտական աշխատանքները պէտք եղածին պէս իրականացնելու համար: Կը մնայ միայն, որ նոր դպրոցին մէջ նոր եռանդով ու ոգեւորութեամբ իրականացնենք մեր` կրթութեան մշակներուս առաքելութիւնը»,- ըսած է Ա. Արզումանեան եւ ընդգծած, որ օրերս ստացած են նաեւ 11 համակարգիչ:

Դպրոցական շէնքը ապահովուած պիտի ըլլայ նոր գոյքով եւ տարրալուծարանային սարքաւորումներով: Կրթօճախի բակին մէջ կառուցուած է կաթսայատուն, տնտեսական շինութիւն եւ սանհանգոյց: Տարածքը ամբողջութեամբ բարեկարգուած է: «Այս օրերուն կ’ընթանան նորակառոյց կրթօճախի ներքին յարդարման վերջին աշխատանքները:

Բացման արարողութիւնը պիտի կայանայ Փետրուար կամ Մարտ ամիսներուն»,- ըսած է տնօրէնը:

Անդրադառնալով առկայ խնդիրներուն` Ուխտաձորի միջնակարգ դպրոցի տնօրէնը նշած է, որ դպրոցը ունի ուսողութեան, տեղեկատուութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչներու կարիք:

«Իմ Քաղցր Լեզու» Թեմայով Շարադրութիւններու Մրցոյթ` Նուիրուած Մայրենիի Տօնին

Փետրուար 21-ին Հայաստանի  եւ Սփիւռքի մէջ պիտի նշուի UNESCO-ի եւ Հայոց պետութեան կողմէ սահմանուած «Մայրենիի Օր» տօնը, որուն ծիրէն ներս՝ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը կը յայտարարէ «ԻՄ ՔԱՂՑՐ ԼԵԶՈՒ» թեմայով շարադրութիւններու մրցոյթ. լաւագոյն շարադրութիւնները պիտի խրախուսուին Սփիւռքի նախարարութեան կողմէն:

Շարադրութիւնները կրնաք ուղարկել մինչեւ Փետրուար 15` հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէով` allarmenian@mindiaspora.am

Քարին Տակի Հերոսամարտին Նուիրուած Քայլարշաւ Պիտի Կազմակերպուի

Անցեալ տարի ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ իրականացուած է 400-է աւելի ձեռնարկ, որոնցմէ 288-ը` մշակութային, 136-ը` երիտասարդական:

«Արցախփրէս»-ի թղթակիցի հաղորդմամբ` այս մասին այսօր կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան: Նախարարն ամփոփած է անցած տարուան ընթացքին ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան գործունէութեան արդիւնքները, ապա պատասխանած լրագրողներու հարցերուն:

Ն. Աղաբալեան տեղեկացուցած է, որ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Յունուար 26-ին պիտի կազմակերպուի երիտասարդական քայլարշաւ դէպի Շուշիի շրջանի Քարին տակ գիւղ` նուիրուած գիւղի հերոսամարտի 25-րդ տարեդարձին: Արշաւի մասնակիցները Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջ մոմավառութիւն պիտի կազմակերպեն, յետոյ ալ այնտեղէն քայլերթով պիտի շարժին դէպի Քարին տակ գիւղ` յարգանքի տուրք մատուցելու հերոսամարտին զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին: Այնուհետեւ տեղի կ’ունենայ յուշ-ցերեկոյթ:

«Ծրագրի նպատակն է` նպաստել երիտասարդների համախմբմանը, հայրենաճանաչողութեան բարձրացմանը: Անկախութեան սերնդին ներկայացնելով ազգային-ազատագրական պայքարի հերոսական դրուագներն ու էջերը` երիտասարդութեան մէջ կը սերմանենք ռազմահայրենասիրական դաստիարակութիւն. այս ամէնն էլ կը դառնայ հայրենասիրութեան ու ազգային դաստիարակութեան լաւագոյն ուղեցոյց,- ըսած է ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան եւ աւելցուցած,- այն երիտասարդներն էլ, ովքեր ցանկանում են, կարող են միանալ մեր քայլարշաւին»:

 

«Աւրորա»-ն Կը Յայտարարէ Գեղարուեստական Մրցոյթ

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կը յայտարարէ գեղարուեստական մրցոյթ` 7-14 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար:

Մրցոյթին պէտք է ներկայացնել գեղանկարներ, քանդակներ, փայտագործութեան եւ սերամիքական աշխատանքներ, պաթիք (մեղրամոմապատ եւ ներկուած կտաւ), թուային գծանկարչական պատկերներ:

Աշխատանքները պէտք է արտայայտեն մարդկային կեանքի արժեւորման, խիզախութեան, նուիրուածութեան, բարին գործելու եւ լուսաւոր ապագայի մասին գաղափարները:

Գեղարուեստական աշխատանքները պէտք է կատարուած ըլլան 2016-ի Յունուար 1-էն ետք:

Աշխատանքները ներկայացնելու վերջնական ժամկէտը 2017 թուականի Մարտ 31-ն է:

Մրցոյթին մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լուսանկարել աշխատանքը եւ ուղարկել art@auroraprize.com ելեկտրոնային հասցէով: Նամակին մէջ պարտադիր է նշել մասնակիցին անունը, մականունը, տարիքը, բնակավայրը, հեռախօսահամարը, գեղարուեստական դպրոցի անունը եւ ուսուցիչին անուն-մականունը:

Մրցոյթի արդիւնքները պիտի ամփոփուին 2017 թուականի Ապրիլին: Լաւագոյն երեք աշխատանքներուն հեղինակները «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ պիտի ստանան պարգեւներ, իսկ լաւագոյն հինգը բացառիկ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ մասնակցելու «Աւրորա» մրցանակի շնորհման արարողութեան 2017-ի Մայիս 28-ին, Երեւանի մէջ:

2017-ի Ապրիլ 24-էն մինչեւ Մայիս 28-ը Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի ցուցահանդէս, ուր պիտի ներկայացուին մրցոյթի լաւագոյն աշխատանքները, պիտի կազմակերպուին վարպետութեան դասեր:

Հարցերու պարագային մասնակիցները կրնան գրել art@auroraprize.com հասցէին կամ հեռաձայնել սոյն թիւին. 098808917

Արագած Ախոյեանի Գեղանկարներու «Վերադարձ…» Խորագիրով Ցուցահանդէսը Երեւանի Մէջ

Յունուար 21-ին, ժամը 14:00-ին, Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ պիտի բացուի Արագած Ախոյեանի` «Վերադարձ…» խորագիրը կրող գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը։

Ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ Յունուար 31-ը ներառեալ:

Երբ կու գայ ներշնչանքը, քաղաքական գործիչը կը վերցնէ վրձինը… Եւ ահա գոյնն ու գիծը կը դառնան պատկեր ու մեզի կը փոխանցեն արուեստագէտի զգայական աշխարհին գոյները:

«Վերադարձը…» ստեղծագործողի առաջին անհատական ցուցահանդէսն է, ուր ներկայացուած իւրաքանչիւր կտաւ հայրենի բնաշխարհի նկատմամբ տածած անսահման սիրոյ ու հիացմունքի արտայայտութիւնն է:

Արագած Ախոյեան ծնած է 1962 թուականին Աշտարակի շրջանի Ձորափ գիւղին մէջ: 1985 թուականին աւարտած է Երեւանի Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը: 1985-1987 աշխատած է «Հայֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցին մէջ` իբրեւ խմբագիր: Յետագայ տարիներուն զբաղած է շինարարական գործունէութեամբ: 2012 թուականին ընտրուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր, այնուհետեւ` Ազգային ժողովի եւրոպական ընդելուզման հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ:

 

«Սէր» Խորագիրով Լուսանկարչական Ցուցահանդէս` Յ. Թումանեանի Անուան Պետական Տիկնիկային Թատրոնին Մէջ

Յունուարի 17-ին, ժամը 17:00-ին, Յ. Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնին մէջ բացուեցաւ «Սէր» խորագիրը կրող լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որ կ’իրականացնէ «Սկարպ» հասարակական կազմակերպութիւնը` ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներու ջերմ փոխյարաբերութիւններն ու սէրը ներկայացնող լուսանկարչական ցուցահանդէսին (լուսանկարիչ` Վիգէն Մնոյեան) ներկայացուած է ընտանիքներու առօրեան, երեխայի հանդէպ սէրն ու վերաբերմունքը:

Հայաստանի եւ Արցախի Մէջ Կատարած Լուսանկարներուն Համար Սլովենացի Լուսանկարիչը Ոսկէ Մետալի Արժանացած է

Սլովաքիոյ մէջ իրականացուող ամէնամեայ լուսանկարչական մրցոյթի սեւ-ճերմակ լուսանկարներու ազատ թեմայով բաժինի ոսկէ մետալակիր դարձած է Լիպոր Շփիմրը` Հայաստանի ու Արցախի մէջ կատարած լուսանկարներուն համար:

Մրցանակը ստանալէն ետք՝ «Օրեր» ամսագիրին եւ www.orer.eu -ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Լիպոր ըսած է, որ այս մրցանակին համար խորապէս շնորհակալ է ողջ հայ ժողովուրդին ու մարդոց, որոնք յատկապէս Արցախի մէջ աջակցած են իրեն լուսանկարելու այն, ինչ ներկայացուած է մրցոյթին: Լուսանկարիչը նաեւ յայտնած է, որ ցանկութիւն ունի իր ոսկէ մետալը փոխանցել Արցախ:

Յիշեցնենք, որ Լիպոր Շփիմրը նաեւ հեղինակ է Հայաստանի ու Արցախի մասին փաստագրագրական երկու ֆիլմի:

Տօնական Օրերուն Համայնքային Թանգարանները Շատ Այցելուներ Ունեցած են Տարբեր Երկիրներէ

Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն՝ համայնքային թանգարանները ունեցած են շուրջ 300 այցելուներ, որոնց գերակշիռ մասը եղած են զբօսաշրջիկներ Ռուսիայէն, Չինաստանէն, ինչպէս նաեւ ԵՄ եւ ԱՊՀ երկիրներէ:

Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ «Նոր Տարին Երեւանում ­2017» ձեռնարկներու ծրագիրի ծիրէն ներս, այս տարի, առաջին անգամ, Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան թանգարաններէն Երեւան քաղաքի պատմութեան, «Էրեբունի» պատմահնագիտական եւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանները Յունուար 2-5 բաց եղած են մայրաքաղաք այցելած հիւրերու եւ տօնը Երեւանի մէջ նշող համաքաղաքացիներու համար:

Աշխատակազմի զբօսաշրջութեան բաժինէն յայտնած են, որ նշուած օրերուն նշուած ժամանակահատուածին՝ համայնքային թանգարանները հիւրընկալած են նաեւ սահմանամերձ գիւղերու դպրոցականներ:

Ստեփանակերտի Պատկերասրահին Մէջ Ամանորեայ Ցուցահանդէս Բացուած է

Ստեփանակերտի պատկերասրահը անցեալ տարի ունեցած է շուրջ 2000 այցելու: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է պատկերասրահի տնօրէն Էլենա Դադայեան եւ նշած, որ այցելուները՝ տեղացիներու կողքին, նաեւ զբօսաշրջիկներ են:

«Տարուան ընթացքին կազմակերպած ենք 20-էն աւել ցուցահանդէս: Պատկերասրահը ունի նաեւ իր սեփական ֆոնտը, որ համալրուած է տեղական եւ օտար գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու 400 աշխատանքներով»,- ըսած է Դադայեան:

Պատկերասրահի տնօրէնին խօսքով, Դեկտեմբեր 29-ին, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ բացուած է տօնական ցուցահանդէս, որ պիտի գործէ մինչեւ Փետրուարի վերջը:

Ցուցահանդէսին, մասնաւորապէս ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետութեան յայտնի նկարիչներու եւ քանդակագործներու աշխատանքներ:

Նշենք, որ Ստեփանակերտ քաղաքի պատկերասրահը հիմնադրուած է 1982 թուականին: Երկար ընդմիջումէ ետք՝ 2001 թուականի Յուլիս 12-ին, պատկերասրահը վերաբացուած է եւ ժամանակաւորապէս տեղակայուած Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի առաջին յարկի դահլիճին մէջ: 2013 թուականի Հոկտեմբեր 12-ին՝ տրուած են շէնքային նոր պայմաններ: