Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ» Կեդրոնին Մէջ Կայացած է Լրագրութեան Մասին Հանրային Դասախօսութիւն

Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին մէջ «Esquire» թերթի Ռուսիոյ նախկին պատասխանատու-խմբագիր, ԹՈՒՄՕ-ի դասընթացավար Գրիգոր Աթանէսեան՝ լրագրութեան մասին հանդէս եկած է հանրային դասախօսութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Դասախօսութիւնը «Մարդկային պատմութիւնները կը գրաւեն լսարանը յետճշմարտութեան ժամանակաշրջանին» թեմայով էր:
«ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Կորիւն Խաչատուրեան՝ ողջունելով ներկաները, ներկայացուցած է Գրիգոր Աթանէսեանը:
«Մենք կ’ընենք ամէն ինչ, որ մեր հանրութեան պատշաճ ներկայացուի հայ մշակոյթը, կը սորվեցնենք աշխարհի հետ կապ հաստատելու միջոցները, որպէսզի յետագային կարենանք մենք մեզի լաւ գովազդել արտերկրի մէջ»,-մասնաւորապէս ըսած է Կ. Խաչատուրեանը:
Կեդրոնի ղեկավարին խօսքով` Ստեփանակերտի մէջ Գրիգորի նոր մետիա-1 առաջին մակարդակով դասընթացին տեւողութիւնը 4 շաբաթ է:
Գրիգոր Աթանեսեան ընդգծած է, որ դասախօսութեան թեման շատ կարեւոր է ու անհրաժեշտ Արցախի համար:
«Արցախէն նորութիւնները անգլերէնով եւ այլ օտար լեզուներով յատկապէս կը սահմանափակուին հակամարտութեան, պատերազմի եւ սահմանի լարուածութեան մասին նիւթերով:
Մինչդեռ զբօսաշրջիկներուն կը հետաքրքրէ նաեւ Արցախի մշակութային կեանքը, արցախցիներուն առօրեան: Ես այստեղ հանդիպած եմ հետաքրքրական մարդոց, որոնց կեանքի պատմութիւնները շատ հետաքրքրական են. ցանկալի էր, որ այդ մարդկային պատմութիւնները գրուէին. անոնք շատ աւելի պիտի հետաքրքրեն արտերկրի մէջ ապրողները:
Լաւ պիտի ըլլար ներկայացուէր նաեւ Արցախի պատմամշակութային արժէքները, գեղատեսիլ վայրերը, հրաշալի բնութիւնը:
Արտերկրի մէջ պէտք է իմանան, որ Արցախը միայն պատերազմող երկիր չէ. այնտեղ կ’ապրի, կը կառուցէ, կ’արարէ ստեղծարար ու խաղաղասէր ողջ ժողովուրդ մը»,- ըսած է Գ. Աթանէսեան:
«Ես կը փորձեմ իմ աշխատանքներով արտերկրին ներկայանալի դարձնել Արցախը: Ամենակարեւորը այն է, որ Արցախի լրագրողներն ալ նման աշխատանքներ կատարեն: Ես արցախցիներուն հետ պիտի շարունակեմ համագործակցիլ. յոյսով եմ, որ որեւէ հարցով կրնամ օգտակար ըլլալ անոնց: Այստեղ կան քանի մը լեզուներու տիրապետող ուշիմ ու խելացի երեխաներ, որոնց եւս կարելի է ներգրաւել այդ աշխատանքներուն մէջ»,- մասնաւորապէս ըսած է Գ. Աթանէսեան:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

