• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Յորդանան Գետի Մօտ Արցախի Բարբառով Տեղադրուած է Քրիստոսի Մկրտութեան Աստուածաշնչեան Դրուագը

18.03.2017   21:26

Իսրայէլի մէջ Յորդանան գետի ափին ուխտագնացութեան կեդրոնի պատերուն ի թիւս բազմաթիւ լեզուներու, տեղադրուած է  նաեւ Արցախի բարբառով Քրիստոսի մկրտութեան աստուածաշնչեան դրուագը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ NEWS.am–ը,  Յորդանան գետի ափին, ուր Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ մկրտուած է Քրիստոս,  աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու կողքին հայերէնը 4 տարբերակով  ներկայացուած է` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, գրաբար ու Արցախի բարբառով:

Նշենք, որ Մատթէոսի աւետարանին մէջ կը նշուի, որ Յիսուսը Նազարէթէն կու գայ Յորդանան գետ` մկրտուելու Յովհաննէս Մկրտիչի կողմէ:  «Երբ Յովհաննէս Մկրտիչը Յորդանան գետի մէջ կը մկրտէ Յիսուսը, Աստուծոյ ոգին իբրեւ աղաւնի կ՛իջնէ Յիսուսի վրայ: Եւ Ձայն եկաւ, որ կ՛ըսէր. «Դուն ես իմ սիրելի որդիս, որ ունիս իմ ամբողջ բարեհաճութիւնը»,–կը նշուի Մատթէոսի աւետարանին մէջ:

Աւարտին նշենք, որ վերոյիշեալ 110 լեզուներով գրուած արուեստի գործերու հեղինակն է Սաղիմահայ արուեստագէտ ընկ. Յակոբ Անդրէասեանին, որ անդամ է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner