• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայ Լուսանկարիչը Sony World Photography Awards 2017 Մրցոյթի Լաւագոյն Տասնեակին Մէջ Է

02.03.2017   08:49

Sony World Photography Awards 2017 լուսանկարչական մրցոյթի դատաւորները հայ լուսանկարիչ Եուլիա Գրիգորեանցի աշխատանքը ներառած են Professional Daily Life-ի կարճ ցուցակին մէջ:

183 երկիրներէ աւելի քան 227,000 լուսանկարներ ներկայացուած են Sony World Photography Awards 2017 մրցոյթին: Գրիգորեանցը ծնած է Երեւան, սակայն այժմ կը բնակի Ֆրանսա: Ան առաջին 10–ին մէջ ներառուած միակ հայ լուսանկարիչն է:

«Անապատի բնակիչները» լուսանկարներուն մէջ Գրիգորեանցը ներկայացուցած է բնակիչները Կիւմրի քաղաքին, որ Հայաստանի մէջ մեծութեամբ երկրրոդն է, սական աղքատութեամբ ամենաառաջինը:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ Sony World Photography Award մրցոյթի լաւագոյններու շարքին: Լուսանկարներուս շարքը իմ երկրիս պատմութիւնն է, որ անձամբ ինծի կը վերաբերի: Կարճ ցուցակին մէջ ներառուած ըլլալս կը նշանակէ որ իմ պատմութիւնս յուզած է հանդիսատեսը, եւ ատիկա շատ կարեւոր է ինծի համար»,–մեկնաբանելով իր յաջողութիւնը` ըսած է Եուլիան:

Յաղթողները կը յայտարարուին Ապրիլ 20–ին: Մրցանակները պիտի ներառեն Sony թուային սարքաւորման վերջին տարբերակը, ուղեւորութիւն Լոնտոն եւ 25 հազար տոլար:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner