• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Տինքը Ամբողջութեամբ Կը Նուիրուէր Աշխարհը Աւելի Լաւը Դարձնելու Գործին. Մուրատ Պելկէ

20.01.2017   08:37

Հրանդ Տինքը արդար, մարդասէր, քաջ եւ բարոյական մարդ էր: Ան ամբողջութեամբ կը նուիրուէր աշխարհը աւելի լաւը դարձնելու գործին: Այս մասին «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է յայտնի թուրք մտաւորական, ակադեմիկոս, քաղաքացիական գործիչ Մուրատ Պելկէն` Տինքի սպանութեան 10­-րդ տարելիցին առթիւ պոլսահայ մտաւորականի ապրած կեանքին եւ թողած ժառանգութեան մասին իր խօսքին մէջ:

«Անոր հիմնական իւրայատկութիւնը այն էր, որ կրնար ներսի բարութիւնը արտացոլել աշխարհի վրայ: Երբ կը խօսէր, հնարաւոր չէր չնկատել, որ կը խօսի համեստ եւ սիրով լեցուն մարդ մը: Կը կարծեմ նոյն ատոր շնորհիւ ալ անոր յուղարկաւորութիւնը վերածուեցաւ չսպասուած «իրադարձութեան» մը: Հրանդի համար երթի դուրս եկածներու շարքին կային մարդիկ, որոնք վարժ էինք տեսնել քաղաքական բնոյթի հաւաքներու ժամանակ: Սակայն շատ լաւ կը յիշեմ, որ բացի անկէ կային նաեւ վերջինէն խիստ տարբերող, մէկը միւսին չնմանող անձիք: Ատիկա ապացոյցն էր այն բանին, որ Հրանդը իր ձայնը լսելի դարձուցած էր հասարակութեան շատ տարբեր շերտերու եւ ստիպած էր սիրելու իր անձը»,-­ նշած է Պելկէն:

Թուրք մտաւորականը ընդգծած է, որ Տինքը իր մահէն ետք իր հետքը ձգեց Թուրքիոյ հասարակութեան վրայ: «Հրանդը արդէն չկայ: Դատական գործը կը շարունակուի: Կան մարդիկ, որոնք վճռական են հետեւելու դատին մինչեւ վերջ (եւ ատիկա շատ իմաստալից է): Անոնք հասարակութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ Հրանդի գոյութիւն ունենալու «տեսանելի արդիւնքն են»: Սակայն հաւատացած եմ, որ կան նաեւ ազդեցութիւններ, որոնք անտեսանելի են»,- ըսած է Պելկէն: Ան նշած է, որ մարդոց մտածելակերպին մէջ գոյութիւն ունեցող Հրանդը կոչ կ՛ընէ բոլորին ըլլալ աւելի լաւը` ըսելով. «Մենք կրնանք ըլլալ աւելի լաւը, քան կանք: Ատիկա, անշուշտ ջանք կը պահանջէ, սակայն կ’արժէ»:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner