• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Ասուլիս Հրաւիրած Է

23.04.2017   10:39

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Ապրիլ 14-ին, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հանդիպած է լրագրողներու հետ, ներկայացուցած՝ Պաշտպանի 2016 թուականի գործունէութիւնը եւ 2017-ի առաջնահերթ խնդիրները:

2016-ին Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները կանխորոշած է Ապրիլեան պատերազմը: Այդ թեմայով՝ ամենածաւալուն եւ տարբեր աղբիւրներով հիմնաւորուած զեկոյցը ներկայացուած է նոյնինքն Թալիշի մէջ 9 Դեկտեմբեր 2016-ին՝ հիմնաւորելով եւ ապացուցելով, որ Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի զինուժը թոյլ տուած է մարդու իրաւունքներու խախտումներ, որոնք կ’ընդգրկեն ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանութեան տարրեր։ Այդ զեկոյցը ուղարկուած է նաեւ միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցներուն: Ամփոփիչ ասուլիսին՝ Ռուբէն Մելիքեան ներկայացուցած է նաեւ դրուագ մը այդ ուղղութեամբ տարուած ջանքերու արդիւնքներէն: Հիւմըն Ռայթցը իր զեկոյցին մէջ յղում կատարած է նաեւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկոյցին: «Անցումային պետութիւններէն մէկուն, այս պարագային Հայաստանի մասին  անդրադարձ կատարուած էր մեր զեկոյցին մէջ»,- ամենաթարմ օրինակը կը բերէ Ռուբէն Մելիքեան: Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը արձանագրած է այն փաստը, որ Պաքուն հայատեացութիւնը պետական մակարդակով կը քարոզէ նաեւ այսօր։ Պիտի աշխատին հակազդելու կառուցակազմեր մշակել՝ առանց մանրամասնելու. «Սփիւռքեան մեր կառոյցներուն հետ, այս պահուն, կ’աշխատինք յատուկ զեկոյցի վրայ»: Նաեւ, այս ծիրէն ներս, Ռուբէն Մելիքեան կարեւոր համարած է Սփիւռքի հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: 2017-ի սկիզբը, եւրոպական ու ամերիկեան իր շրջագայութիւնը ունէր նաեւ այդ նպատակը: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կը վստահեցնէ, որ արդիւնքներ  կան, զարգացման հեռանկարներ` նոյնպէս: Պիտի փորձեն աւելի համակարգուած աշխատիլ՝ յատկապէս իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը միայն արտաքին լսարանի համար չէ աշխատած: Արցախցիներու անվտանգութեան եւ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութիւնը առաջին հորիզոնականին է, բայց պաշտպանը դիմումներ ստացած է նաեւ այլ առօրեայ թեմաներով: Լրագրողներուն տեղեկացուցած է Ռուբէն Մելիքեան ըսելով. «2016-ին ստացած ենք 114 դիմում՝ 155 անձէ: Դիմումներուն թիւը 2015-էն ի վեր պակաս է երեքով, իսկ դիմումատուներուն թիւը՝ 2015-էն աւելի շատ է»: Ստացած են հասարակական ապահովութեան, ազատ տեղաշարժելու, քաղաքացիութեան, կրթութեան եւ շարք մը այլ իրաւունքներու հետ կապուած դիմումներ: Ամենաշատ դիմումները` մօտ 16 տոկոսը, աշխատանքային իրաւունքի ոլորտէն են: Պաշտպանին ուղղուած դիմումներուն 22 տոկոսը Ստեփանակերտէն է: Ռուբէն Մելիքեանը զայն հիմք կը համարէ՝ շրջաններուն մէջ պաշտպանի գրասենեակի աշխատանքը աշխուժացնելու: «2017-ին կը նախատեսենք նախապէս յայտարարութիւն տալով՝ ըլլալ շրջկեդրոններուն եւ խոշոր բնակավայրերու մէջ, որպէսզի տեղւոյն վրայ ծանօթանանք խնդիրներուն, մարդիկ իրենց հարցերը տեղւոյն վրայ ներկայացնեն»,- մանրամասնած է Ռուբէն Մելիքեան:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներու համալիր լուծումը՝ Ռուբէն Մելիքեան կը պատկերացնէ մարդու իրաւունքներու ազգային ռազմավարութեան ընդունման շրջանակներուն մէջ: Պաշտպանը խօսած է ե՛ւ անոր անհրաժեշտութեան մասին, ե՛ւ յայտնած է ռազմավարութեան մշակման մասնակցելու իր պատրաստակամութիւնը:

Ստեփանակերտ

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner