Արցախի Հարաւային Դարպասը Կ’ամրանայ Առաջամուղի Զարգացման Ծրագիրները Կը Շարունակուին
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Արցախի Հանրապետութեան նախագահը այցելած է առաջնագիծի հարաւային հատուած: Դիրքապահները կը հերթապահեն՝ պատրաստ իրադարձութիւններու որեւէ շրջադարձի: Բակօ Սահակեան ծանօթացած է նաեւ զինծառայողներու առօրեային, պարգեւատրած՝ ուշադրութիւն գրաւողները: Իսկ դիրքապահներու թիկունքին՝ Առաջամուղն է, հարաւային ուղղութեամբ սահմանին ամենամօտ արցախեան բնակավայրը: «Թուֆենկեան» հիմնադրամը 2004-էն ի վեր այստեղ արդէն կառուցած է մօտ երկու տասնեակ բնակարան: Ապրիլ 4-ին, Առաջամուղի մէջ մարդաշատ հաւաքին առիթը եւս 6 նոր առանձնատան շինարարութեան աւարտն է:
Ծրագիրը իրականացած է Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան, «Թուֆենկեան» հիմնադրամի եւ «Արցախ ֆոնտ» կազմակերպութեան ԱՄՆ մասնաճիւղի համաֆինանսաւորումով: Տուներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ծրագրի բոլոր մասնակիցները՝ ե՛ւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաները, նախագահի ու վարչապետի գլխաւորութեամբ, ե՛ւ «Թուֆենկեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչները: «Այս տարածքը կարեւոր ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Կը կապուի մնացեալ գիւղերուն հետ, մօտ է առաջնագիծին: Այս գիւղի բնակիչները, իրենց գիւղը զարգացնելով, այս ողջ գիծը բանուկ կը պահեն»,- Առաջամուղի նկատմամբ հիմնադրամին ուշադրութիւնը հիմաւորած է «Թուֆենկեան» հիմնադրամի տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան:
Նորակառոյց բնակարաններու բանալիները գիւղի նոր բնակիչները ստացած են Արցախ ժամանած Սերժ Թանկեանէն, դերասանուհի Արսինէ Խանճեանէն, բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանէն ու բեմադրիչ-սենարիստ Էրիկ Նազարեանէն: Երկրի ղեկավարը շրջած ու անձամբ ծանօթացած է բնակարաններուն մէջ ստեղծուած պայմաններուն: Սիլվա Ստեփանեանը՝ մինչ այդ վարձած բնակարանի մէջ էր: Պայմանները անհամեմատելի կը համարէ: «Վարձով տանը ընդամէնը մի սենեակ ունէինք՝ մեր եօթ հոգանոց ընտանիքի համար: Նոր տան պայմանները հինին հետ անհամեմատելի են»,- կ՝անկեղծանայ Սիլվա Ստեփանեան: Կենցաղային սարքերն ալ տրամադրած է կառավարութիւնը: Իսկ Սիլվայի ամուսնին կը հետաքրքրէ տնամերձ տարածքը: Կը ծրագրէ այգի հիմնել, ապագայի ծրագիրները կը պատմէ Մարատ Ստեփանեանը:
Առաջամուղի մէջ ընելիքները այդքանով չեն սահմանափակուիր: Աւարտական դասարանին մէջ 1, առաջին դասարանին մէջ 12 աշակերտ ունեցող գիւղի դպրոցը նոր դասարաններու կարիք ունի: Խոստացան՝ պիտի ըլլայ: «Հիմա ամենագլխաւորը դպրոցին մէջ յաւելեալ 4 դասարան աւելցնելու ծրագիրն է եւ բժշկական կէտի կառուցումը»,- վստահեցուցած է «Արցախ ֆոնտ» կազմակերպութեան ԱՄՆ մասնաճիւղի ղեկավար Րաֆֆի Կիլեանը: Ծրագիրի այս հատուածին կարեւորութիւնը կ’ամրապնդուի եւս մէկ անգամ, աւելի մեծ նախագիծի մը հեռանկարով: Յառաջիկայ տարիներուն Առաջամուղի առանձնատուներուն թիւը պիտի կրկնապատկուի՝ 25-էն հասնելով 50-ի: Համապատասխանաբար՝ նաեւ բնակիչներուն թիւը պիտի աճի:
Ստեփանակերտ
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

