«Ներառական Կրթութիւն Ստացող Երեխաներուն Համար Պէտք Է Գրուին Յատուկ Դասագիրքեր». Մելսիդա Քարդումեան, Արցախցի Մանկավարժ

*ԿԱՐԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ*
Մեր օրերուն ներառական կրթութեան առումով բաւական դրական տեղաշարժեր կ’արձանագրուին եւ այնուամենայնիւ, այսօրինակ կրթութեան դասաւանդման ոլորտին մէջ տակաւին լուրջ խնդիրներ կան. այս եւ նման այլ հարցերու շուրջ: «Հայերն այսօր»–ի խմբագրութեան մէջ ծաւալեցաւ իմ զրոյցս Արցախի Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան ներառական կրթութեամբ համալրուած թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիդա Քարդումեանի եւ ուսուցչուհիներ Ռուզան Աւետիսեանի, Լուսինէ Սաիյեանի հետ, որոնք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս կը պատրաստուին մեկնիլ Պէյրութ` Սուրբ Խաչ–Հարպոյեան վարժարանին մէջ մասնակցելու ներառական ուսուցման դասընթացքին:
Մելսիդա Քարդումեան – ես դպրոցի տնօրէնն եմ, կը դասաւանդեմ կենսաբանութիւն: Աշխատելով ներառական կրթութեամբ համալրուած դպրոցի մէջ` ունիմ իմ մանկավարժական դիտարկումներն այդօրինակ կրթութեան առնչութեամբ: Մեր դպրոցը 2011 թուականէն կ’իրականացնէ ներառական կրթութեան ուսուցումը, ուր մեր նուիրեալ մանկավարժները սիրով ու համբերատարութեամբ կ’աշխատին նման կրթութեան կարիք ունեցող երեխաներու հետ: Մենք ներառական կրթութիւն իրականացնող ընդամէնը երեք ուսուցչուհի ունինք դպրոցին մէջ` աշխարհագրութեան ուսուցչուհի, ընկերաբան Ռուզան Աւետիսեան, յատուկ մանկավարժ Լուսինէ Սաիյեան եւ հոգեբան, որ հանգամանքներու բերումով մեզի հետ չէ եկած Երեւան: Աշխատանքը, անշուշտ, դիւրին չէ միայն հոգեբանական առումով, սակայն մենք կրնանք հաշտ ու համերշախ, մէկս միւսին օգնելով, աջակցելով` աշխատիլ: Ես անջրպետ չեմ դներ իմ եւ ուսուցչուհիներուն միջեւ. մենք մէկ ընտանիք ենք եւ ունինք առողջ ու անառողջ երեխաներ, որոնց խնամք ու հոգատարութիւն, գիտելիքներ անհրաժեշտ են. բնականաբար, վերջիններուն աւելի շատ ուշադրութիւն եւ առանձնայատուկ վերաբերմունք կը ցուցաբերենք` դրսեւորելով նրբանկատութիւն: Կը համագործակցինք Ստեփանակերտի մեր նախարարութեան բժշկահոգեբանական կեդրոնին հետ: Մենք նիւթականի կարիք այդքան ալ չունինք. մեզի համար առաջնային են շէնքային պայմանները, ուր այդ երեխաներուն հետ սովորական դասաժամերէն դուրս աշխատելու համար չունինք գեղեցիկ, հետաքրքիր, յատուկ դասասենեակներ, խաղահրապարակ: Իմ ներառական կրթութեան դասասենեակս ես տեղաւորած եմ 6քմ. տարածք ունեցող բժշկական կէտին մէջ: Սնունդի հարցով խնդիրներ չունինք: Կ’ըսեն` ներառական կրթութիւն ստացող երեխաներուն համար 30 վայրկեանով քննութեան ժամանակը կ’երկարացուի, սակայն եթէ այդ երեխային գիտակցութեան ատիկա չի հասնիր, որքան կ’ուզես, ժամանակը երկարացուր՝ նոյնն է: Ներառական կրթութիւն ստացող երեխաներուն համար պէտք է մշակուին ու գրուին յատուկ դասագիրքեր, յատուկ ծրագիրներ պէտք է ըլլան: Խնդիրը ներառական կրթութեան դասագիրքերու, ծրագիրներու բացակայութիւնն է. անշուշտ որ մեր ուսուցչուհիները ունին անհատական ուսումնական ծրագիրներ, որոնց հիման վրայ ալ կը կազմենք մեր ծրագիրները, սակայն ցանկալի է, որ նման կրթութիւն ապահովող դպրոցներուն մէջ ըլլան յատուկ կազմուած դասագիրքեր: Մեր դպրոց կը յաճախեն 17 այդպիսի երեխաներ՝ առաջինէն մինչեւ իններորդ դասարաններուն մէջ: Մեր ամբողջ դպրոցի ուսուցչական կազմի համախմբուածութիւնը կ’օգնէ շօշափելի արդիւնքներու հասնելու: Կը կարծեմ այս ուղեւորութիւնը Պէյրութի Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան եւ մեր մասնակցութիւնը դասընթացքին, անպայման պիտի նպաստէ մասնագիտական հմտութիւններ ձեռք բերելուն: Մենք կը սորվինք, կը խորհրդակցինք, փորձի փոխանակում կ’ընենք. ափսոս, որ ժամանակը շատ կարճ է:
Ռուզաննա Աւետիսեան, ներառական կրթութեան աշխարհագրութեան եւ մանկավարժութեան ուսուցչուհի
– Դուք կը հարցնէք, թէ ինչ է այդ երեխաներուն համար առաջնայինը` մանկավարժի էութի՞ւնը թէ դասաւանդուող առարկան: Անկեղծօրէն ըսեմ` առաջինը, որմէ յետոյ` մասնագիտական հմտութիւնը, կարողութիւնները: Իւրաքանչիւր աշակերտ կրնայ դրսեւորուիլ իր ուժերուն ներածին չափով, եւ մենք պարտաւոր ենք զայն դիտարկել ըմբռնումով, անհատական մօտեցում ցուցաբերելով:
Լուսինէ Սաիյեան, ներառական կրթութեան յատուկ մանկավարժ
-Ես յատուկ մանկավարժ եմ, որ կ’աշխատիմ միայն ներառական կրթութեան ուսուցման մէջ ընդգրկուած երեխաներու հետ: Մասնագիտութեամբ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի եմ. ցաւօք, իմ ուսման տարիներուս ներառական կրթութեան մասնագէտներ չէին պատրաստեր. հիմա ալ նոյնն է: Հմտութիւն ձեռք բերած եմ վերապատրաստման դասընթացներուն ընթացքին: Այսօր այդպիսի մասնագիտական բաժիններու կարիքը շատ կը զգացուի: Ներառական ուսուցում ստացող երեխաները շատ տարբեր են իրենց մտաւոր ունակութիւններով: 5-րդ դասարան յաճախող երեխաներէն մէկը կրնայ ունենալ Ա.-ին դասարանցիի կարողութիւններ, միւսը` աւելի բարձր կամ ալ ` իր տարիքին բնորոշ, երեխաներ կան, որոնք նոյնիսկ մկրատն ինքնուրոյն չեն կրնար բռնել ու գործածել: Յատուկ մանկավարժի, ընկերաբան-մանկավարժի, հոգեբանի առկայութիւնն ու մասնագիտական հմտութիւնները, մարդկային լաւագոյն որակներն շատ կարեւոր են այս գործին մէջ:
Աւարտելով զրոյցս նուիրեալ արցախուհիներուն, մանկավարժներուն հետ` կը ցանկամ յուսալ, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս մեր հայրենակիցներէն մէկը ձեռք կը մեկնէ Մարտակերտի Վլադիմիր Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցին` ներառական կրթութիւն ստացող երեխաներուն համար՝ ստեղծելով յատուկ դասասենեակներ, խաղահրապարակ, իսկ մօտ ապագային կը լուծուի նաեւ ծրագիրներու եւ դասագիրքերու խնդիրը:
«Հայերն Այսօր»
***
Նշենք, որ Մարտակերտի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցի տնօրէն Մելսիտա Քարդումեանը, ուսուցիչներ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը, «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» շարժման ծիրէն ներս երէկ ժամանած են Պէյրութ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի հրաւէրով՝ մասնակցելու ներառական կրթութեան մէկշաբաթեայ դասընթացքին եւ ներառական կրթութեան ծիրէն ներս փորձառութիւններու փոխանակաման համար:
«Խմբ.»
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

