Հարցումն Է Ցեղապաշտակա՞նը Թէ Պատասխանը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Քանի մը օր առաջ տեղական հեռատեսիլի կայանի յայտագրի մը ընթացքին Լիբանանի զբօսաշրջիկութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի անպատրաստից եւ զգացական պատասխանը բաւական աղմուկ յառաջացուց ընկերային համացանցի եւ ոչ միայն համացանցի վրայ:
Նախընտրութիւններու վերաբերող՝ տուեալ յայտագիրը վարող հաղորդավարուհիին «Լիբանա՞ն թէ Հայաստան» հարցումին, Կիտանեան անմիջական արտայայտութեամբ մը պատասխանեց՝ Հայաստան: Կիտանեանի այս պատասխանն է, որ տակն ու վրայ ըրաւ ընկերային համացանցն ու տեղական լրատուական միջոցները, ուր շատեր զինք այպանեցին ու մեղադրեցին, որպէս ցեղապաշտ եւ լիբանանի կառավարութեան անդամի անվայել վերաբերմունքի տէր անձ:
Անկախ այն իրավիճակէն, որ տողերս գրողին կարծիքը ի՞նչ է պատկանելիութեան այս հարցին շուրջ, եւ թէ Կիտանեանի կեցուածքը ընդհանրակա՞ն է թէ ոչ, կամ ան լիբանանահայ երիտասարդութեան մեծամասնութեան պատկանելիութեան միեւնոյն զգացումը կը բաժնէ եւ անոր լայն խաւերը կը ներկայացնէ կամ ոչ, կարելի չէ ընդունիլ յարգելի նախարարին դէմ արտայայտուած միտքերը եւ մանաւանդ ցեղապաշտութեան մեղադրանքը:
Թերեւս աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ Կիտանեան ջանար շրջանցել հարցումը իր անձնական հաւատամքին եւ հասկնալի սկզբունքին հաշւոյն՝ լիբանանահայութիւնը չդնելով նման կացութեան մը առջեւ, ակամայ մէջտեղ հանել տալով հին ու նոր կարծրատիպեր (stereotype) լիբանանահայութեան նկատմամբ: Սակայն կը մնայ նաեւ մտածել, թէ ո՞վ է ցեղապաշտը. Աւետիս Կիտանեա՞նը թէ ամէն առիթով նման անտեղի եւ անիմաստ՝ ինքնին կարծրատիպ հարցումներ պատրաստող կողմերը…:
Մինչեւ ե՞րբ այս տգէտ «չափահաս»ի յատուկ, մանուկի ուղղուած՝ «մամա՞դ աւելի կը սիրես, թէ պապադ» հարցադրումին նման բաներ պիտի շարունակուի կիրարկուիլ մեր վրայ, ու ամէն առիթով հեռատեսիլի կամ ռատիոյի յայտագրի հիւր հայազգի անձի մը հարցուի՝ անիմաստ տեղը նեղի մատնելով զինք: Ակնկալուածը ի՞նչ է վերջապէս…:
Իսկ եթէ Կիտանեանը կամ կիտանեաններ պատահի, որ անկեղծութեամբ նախընտրութիւն մը ստիպուին ընել, ինչո՞ւ կ’այպանուին, մինչ այլ լիբանանցիներ աւելի հպարտ են իրենց այսպէս կոչուած Փիւնիկեցիութեամբ, համայնքային պատկանելիութեամբ, ֆաքիհական վիլայեթի հպատակութեամբ, իրենց աշիրապետին հանդէպ ունեցած հաւատարմութեամբ, կամ թրքական ծագումով՝ քան իրենց լիբանանցիութեամբ…:
Վերջապէս, ո՞վ է ցեղապաշտը կամ ապազգայինը այստեղ… հեռատեսիլի ընկերային թեթեւ յայտագրի մը մէջ արտայայտուած անձնական նախընտրութեան վերաբերող միտքին տէ՞րը, որ նաեւ սկզբունքային կեցուածքով մը կը մերժէ այն, ինչ որ թրքական է, թէ ծագումով թուրք քանի մը ընտանիքի քուէները մուրացող լիբանացի երեսփոխան մը, որ վերոյիշեալ՝ անմիջականութեան որպէս արդիւնք արտայայտուած կեցուածքը քաղաքականացնելով կը պահանջէ Լիբանանի կառավարութեան մաս կազմող Հայ նախարարի մը հրաժարականը…:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

