Հարցազրոյց՝ «Արմենիա» Օդանաւային Ընկերութեան Լիբանանի Մէջ Վաճառքի Գործավար՝ Կարօ Մարկոսեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Շուտով, «Արմենիա» օդանաւային ընկերութեան (Armenia Air Company) Պէյրութէն թռիչքները պիտի սկսին դէպի հայոց մայրաքաղաք Երեւան։ Այս առիթով, ի՞նչ կ’ուզէք յայտնել մեր ընթերցողներուն։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Շնորհակալութիւն Ձեզի, որ կը ցանկաք լուսաբանուիլ այս հարցին մասին։ Օդանաւային ընկերութեան ճշգրիտ անունը Armenia Air Company է, որուն կեդրոնատեղին կը գտնուի Հայաստան։ Մենք, Լիբանանի մէջ, իբրեւ ընկերութեան GSA, Նուպար Շաքերեան եւ բաժնետէրեր (Noubar Shakerian and partners), պատասխանատու ենք միայն Պէյրութ-Երեւան եւ վերադարձ՝ Երեւան-Պէյրութ թռիչքի տոմսերու վաճառքին։ Հայաստանի մէջ ընկերութիւնը հիմնուեցաւ տարի մը առաջ, իսկ Պէյրութի գրասենեակը հիմնուեցաւ 1 Փետրուար, 2017-ին։ Պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 10 Ապրիլ, 2017-ին, երբ Մայր Հայրենիքէն պատուիրակութիւն մը պիտի ժամանէ Պէյրութ եւ կէսօրէ ետք ժամը 3։00-ին պիտի վերադառնայ։
Գալով տէրերուն, Լիբանանի մէջ «Նուպար Շաքերեան եւ բաժնետէրեր»-ը հինգ հոգի են. առաջինը՝ Նուպար Շաքերեան, ապա՝ Կարօ Մարկոսեան, Յակոբ Քեչէճեան, Նազարէթ Տէր Սարգիսեան եւ Ռաֆֆի Սարգիս։ Ամէն մէկը, իր կարգին, պատասխանատուութիւն ստանձնած է ընկերութեան մէջ։ Ուրեմն՝ Նուպար Շաքերեան ընդհանուր պատասխանատուն է, Կարօ Մարկոսեան՝ վաճառքի, Նազարէթ Տէր Սարգիսեան՝ օդակայանի հարցերու, Յակոբ Քէչէճեան՝ H.R. եւ Ռաֆֆի Սարգիս ընկերային յարաբերութիւններու։
Մեր օդանաւերը՝ Boeing 737 եւ 737-100 են։ Այս օդանաւերը «Արմենիա» ընկերութեան կը պատկանին եւ վարձակալուած չեն։ Յիշեցնենք, որ հիմա թռիչքներ ունինք դէպի Վրաստան, Իրան, Ռուսիա եւ մօտ ատենին ալ պիտի գործարկուին թռիչքները դէպի Եւրոպա, Պրիւքսել եւ Լոնտոն…։
Գալով մեր ծրագրին, ան մէկ տարուան վերանորոգուող յայտագիր է։ Կարգ մը համաձայնագիրներ, որոնք պէտք է վաւերացուէին զբօսաշրջային, երթեւեկութեան նախարարութիւններուն հետ՝ վաւերացուեցան։ Սկսած ենք նաեւ վաճառել տոմսերը, որոնց գինը Ապրիլին եւ Մայիսին, իբրեւ յատուկ զեղջ 380 տոլար է, ամբողջական տուրքերը ներառուած, ինչպէս նաեւ անոր մէջ է 15 օրերու ապահովագրութիւն, Պուրճ Համմուտի շրջանակէն փոխադրում դէպի «Ռաֆիք Հարիրի»-ի անուան միջազգային օդակայան, ինչպէս նաեւ մուտքի վիզա։
Յունիսին, գիները պիտի սկսին 420 տոլարով, իսկ Յուլիսի եւ Օգոստոսի գիները՝ քաջալերելու համար մեր հայութիւնը 480 տոլար է։ Թռիչքի ընթացքին պիտի մատուցուի ճաշ՝ ամբողջական ծառայութիւններով։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ են պատճառները, որոնք դրդեցին ձեզի այս շնորհակալ քայլը առնելու՝ օդային գիծի հաստատման մէջ։ Իսկ Հայաստանի հետ պիտի զարգացնէ՞ք օդային երթեւեկութիւնը, զայն բարձրացնելով ազգային օդային ընկերութեան մակարդակի։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- «Արմենիա» օդանաւային ընկերութիւնը արդէն պաշտօնական ազգային հաստատութիւն է։ Այս փաստաթուղթը վաւերացուած եւ ուղարկուած է արդէն Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ Լիբանանի փոխադրամիջոցներու ու երթեւեկութեան նախարարութիւն։ Այնտեղ կը նշուի, թէ մեր ընկերութիւնը Հայաստանի պաշտօնական, ազգային օդանաւային երթեւեկութեան հաստատութիւնն է։
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իբրեւ եզրակացութիւն, կրնա՞ք մեր ընթերցողներուն եւ ապագայ ուղեւորներուն յայտնել այս օդանաւային գիծին ստեղծման դրդապատճառներուն մասին։
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մենք հայ ենք ու նաեւ հայաստանեան անցագիր կը կրենք, զբօսաշրջութեան ճարտարարուեստին մէջ ենք եւ որովհետեւ օդային գիծ չունինք դէպի Հայաստան՝ մտադրեցինք վերահաստատել թռիչքները դէպի քաղաքամայր Երեւան։ Անշուշտ՝ կան ուրիշ ընկերութիւններ, որոնք այդ գիծին վրայ կ’աշխատին, սակայն, մենք որոշեցինք մենատիրութիւնը փոխարինել մաքուր մրցակցութեան մթնոլորտով։
Մենք ծառայութիւն կը մատուցենք եւ ասիկա կ’ուզենք իրագործել արհեստավարժ մակարդակով։
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

