Քսան Չորս Ժամ… Եւ Քիչ Մը
*ՏԻՐԱՆ Գ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ*
Այս մեր սիրելի երկրին՝ Լիբանանի ելեկտրական եւ ուժանիւթի, ըսենք տագնապը, թնճուկը եւ կամ աւելի ճիշդը «Ալի Պապան եւ Քառասուն Գողերը» լուսարձակի տակ առնենք եւ մի քանի մտորումներ ընենք:
Այո՛, քաղաքացիական պատերազմ եղաւ, երկիրը երեք-չորս տասնամեակով ետ մնաց, յառաջընթաց չարձանագրեց: Շատ մը ենթակառոյցներ քանդուեցան: Բայց հոս, մեր նիւթն է ելեկտրականութիւնը:
Այս բոլորը ճիշդ է, եղան:
Բայց քաղաքացիական պատերազմը վերջացաւ: Երկիրը վերակառուցուեցաւ:
Ես պիտի խօսիմ Պէյրութ քաղաքին մասին, ուր ես կը բնակիմ:
Ուրեմն, Պէյրութ քաղաքը վերանորոգուեցաւ շատ գեղեցիկ ձեւով. օդակայանը հիմնովին նորակառուցուեցաւ, նաւահանգիստը արդիականացաւ, հին ճամբաները նորոգուեցան, նորերը շինուեցան, ելեկտրական լոյսեր, կամուրջներ, փակուղիներ, ծառեր, կանանչապատումներ, ինչե՜ր, ինչե՜ր ու ինչեր…
Այս բոլորին համար հսկայական գումար պարտք կուտակուեցաւ խեղճ Լիբանանի քաղաքացիին գլխուն եւ յետագային իր զաւակներուն, թոռներուն եւ ծոռներուն:
Ուրեմն ամէն ինչ շինեցին, բացի ելեկտրական գործարաններ եւ անոնց յարակից շինարարութիւններ, օրինակ, ելեկտրական հոսանքի ցանցեր եւ հոսանքի բաժանում, գործարաններուն քարիւղի մատակարարում, հաշուեթուղթերու գանձումի քաղաքականութիւն, չկրցան կասեցնել հոսանքի գողութիւնը, շարունակեցին անվճար հոսանք բաժնել երկրի իշխանաւոր Եան-Եաններուն եւ շատ երկար շարք մը ձախողութիւններով լեցուն քաղաքականութիւն:
Բոլոր նախարարները, որ բազմեցան ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի նախարարութեան աթոռին, եկան հարուստ, գացին մեծահարուստ միլիոնատէր:
Բոլորը անխտիր, բան մը չաւելցուցին եղածին վրայ. ո՛չ նոր գործարաններ, ո՛չ հիմնական բարեփոխումներ, ոչ ալ շինիչ քաղաքականութիւն: ՈՉԻՆՉ:
Սակայն ըրին հետեւեալը:
-Նախարարութիւնը թխեցին պաշտօնեաներով: (Կրնաս եթէ գործէն հանէ անոնցմէ մէկը հիմա:)
-Տարեկան մէկուկէս միլիառ ԱՄՆ տոլար բաց ապահովեցին կառավարութեան:
-Ելեկտրականութիւն կրցան հայթայթել առաւելագոյնը վեց ժամ օրական:
-Գանձումներու շռնթալից ձախողութիւն:
-Ահռելի անվճար ելեկտրական հոսանք բաժնեցին իրենց ընտանիքներուն,
ազգականներուն եւ բարեկամներուն:
-Ժողովուրդին ստիպեցին, որ թաղային ելեկտրական հոսանք արտադրող «մօթօր»ներուն անդամակցին, ծանրաբեռնելով երկրորդ հոսանքի հաշուեթուղթ մը:
Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ… չենք գիտեր:
Թերեւս գաղտնի կ’աշխատին եւ մէկ անգամէն քսանչորս ժամի վրայ քսանհինգ ժամ պիտի տան ելեկտրական հոսանք… (կարծեմ հրաշքներու դարը անցաւ):
Մի քանի տարի առաջ, այդ նախարարներէն մին, նախարարաց խորհուրդը անդամալուծեց, մինչեւ որ հսկայական գումար տրամադրեն իր նախագիծին, որ իբր թէ հոսանքի արտածումը պիտի բարելաւէ:
Յաջորդ կառավարութեան կազմին, ինք գնաց ուրիշ նախարարութիւն, հետն ալ գնաց այդ գումարը, իսկ հոսանքը մնաց նոյնը:
Նորէն կ’ըսեմ, թերեւս մարդիկը անակնկալ պիտի մատուցեն մեզի եւ մէկ անգամէն քսանչորս ժամ եւ քիչ մը ելեկտրականութիւն պիտի ապահովեն:
Հիմա յոյսերնիս դրած ենք ծովուն մէջ գտնուող քարիւղի ամբարներուն վրայ: Եւ իբր թէ միակ փրկութիւնը այդ ամբարներն են:
Այս կը նշանակէ, որ ժողովուրդին ինչի տեղ կը դնեն: Եղած գործարանները հինցած ու փտած են, որո՞ւն վրայ կը խնդան: Եթէ նոր գործարաններ չշինեն, այդ կազը եւ քարիւղը պապանուն տունը թող տանին, ժողովուրդին ինչի՞ն է պէտք, երբ գործարանը չկայ:
Իտալական ANI անունով աշխարհահռչակ ընկերութիւնը, որ աշխարհի ամենամեծ կազի հանգեր գտած է, ընկերութեան գլխաւոր տնօրէններէն մէկը ըսեր է.«Շատ հսկայական հանքեր գտանք Միջերկրական Ծովուն մէջ եւ յատկապէս՝ Լիբանանի:
Լիբանանի ջուրերուն մէջ գտնուող հանքերը կը նմանին Եգիպտոսի հանքերուն ու քիչ մըն ալ աւելի»:
Եւ նոյն այս տնօրէնը աւելցուցեր է, թէ Եգիպտոսի մէջ ստիպուած եղան 4135 մեթր փորելու, իսկ Լիբանանի պարագային, ան կը նախատեսէ 400-600 մեթր խորութեամբ հասնիլ ամբարներուն եւ կրնայ ըլլալ, որ Միջին Արեւելքի ամենամեծ հանքը ըլլայ:
Սակայն, Լիբանանի կառավարութեան պատասխանատուները Commission ուզած են, որ քալեցնեն ծրագիրը, կը շարունակէ տնօրէնը:
Ընկերութիւնը պատրաստած էր պայմանագիր մը կառավարութեան հետ, որուն պայմաններէն մին հետեւեալն է. Լիբանանի կառավարութիւնը կը ստանայ 70%, իսկ ANI ընկերութիւնը՝ 30%-ը արտադրուած կազին եւ քարիւղին:
Լիբանանի ղեկավարները առաջարկած են հետեւեալը. Ընկերութիւնը կը ստանայ 25%, Լիբանանի կառավարութիւնը 65%, իսկ մնացած 10% կ’երթայ լիբանանցի պատասխանատուներուն գրպանը… այսինքն տարեկան կէս միլիառ ամերիկեան տոլար մօտաւորապէս:
Անշուշտ ANI ընկերութիւնը մերժած է:
Եւ խեղճ Լիբանանցի ժողովուրդը ելեկտրական հոսանք կը սպասէ, կազ եւ քարիւղ կը
սպասէ ու կը սպասէ…
Է՜հ… դեռ շատ պիտի սպասենք, քանի այս տեսակ ղեկավարութիւն կայ մեր
դրախտավայր Լիբանանի մէջ:
Ինչպէս արաբական առածը կ’ըսէ. «Ընդօր եա կտիշ, դա եընպօդ էլ հաշիշ»:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

