Զանգուածային Բնաջնջման Զէնքերու Գովազդները Շքեղ Ամսագիրներու եւ Հրատարակութիւններու Շապիկները կը Զարդարեն…
*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Այս օրերուն ամբողջ աշխարհը եւ մանաւանդ Միջին ու Մերձաւոր Արեւելքը պատերազմներու, սպանդներու, բնաջնջումներու գործընթացներու մէջ մխրճուած է։ Հեռատեսիլի թէ համացանցի էջերուն վրայ ականատես կ’ըլլանք մանուկներու, կանանց թէ ծերունիներու գլխատման, ռմբահարման, տղամարդոց խմբային գնդակահարման, թաղամասերու, գիւղերու, քաղաքներու մասնակի թէ ամբողջական կործանման՝ գերարդիական զէնքերով, հրթիռներով, ռազմական ինքնաթիռներով, անօդաչու սարքերով, անթիւ-անհամար զոհերով եւ աւերածութեամբ, «սովորական» երեւոյթ դարձած են։ Այս բոլորին մէջ, անամօթաբար մահազդու զէնքերու գովազդները մեծ զարկ ստացած են ու մեծ թէ փոքր պետութիւնները մրցավազքի մէջ են, իբրեւ զէնքերու վաճառքի լկտի վաճառականներ, գունազարդ ամսագիրներով եւ «շապիկաւոր» հրատարակութիւններով՝ այսօր աշխարհին կը ներկայացնեն իրենց հրաշալի՜ արտադրանքը, որոնցմով կարելի է գետնին հաւասարեցնել ամբողջ քաղաքակրթութիւններ…
Բնութեան մէջ ամէնէն արիւնախում եւ վայրագ կենդանին, ինչպէս կը պարզուի, մարդ արարածն է եղեր… փոխանակ արուեստն ու գրականութիւնը զարգացնելու, սերունդներ դաստիարակելու՝ համամարդկային արժէքներու պահպանման եւ գոյատեւման համար, այսօր ցեղապաշտութիւնը, կրօնական ծայրայեղականութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը կը քաջալերուի ամէնուրեք, առանց հասկնալու, թէ մեր երկրագունդը ունի իր սահմանները այս ամէն կարգի թունաւորումները զանգուածային բնաջնջման զէնքերու գործածութեան պատճառած ահաւոր վնասները «բուժելու», որուն արդիւնքը՝ ինչպէս կը տեսնենք, պիտի ըլլայ բնական աղէտներու ահազդու շարան եւ երկիր մոլորակի անվերադարձ կործանում։
Այսօր, քարուքանդ կ’ըլլայ բազմահազարամեայ քաղաքակրթութեան օրրան Իրաք-Միջագետքը եւ աշխարհի ամէնէն հին քաղաքներու սրբավայր Սուրիան։ Վտանգը միշտ կը թեւածէ Լիբանանի վրայ, իսկ քիչ մը անդին, նոյնպէս բազմահազարամեայ քաղաքակրթութիւն ունեցող Եմէնի խիզախ ժողովուրդը, կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան կ’ենթարկուի յղփացած արքայիկներու եւ իշխանիկներու որոշմամբ, որոնք միլիառաւոր տոլարներու հասնող հասոյթը, քարիւղէն եւ այլ հանածոներէն, անմտաբար կը մսխեն բազմատեսակ զէնքերու եւ մարդասպանութեան միջոցներու վաճառքի ու գնման մէջ։ Համաճարակներն ու երաշտը կը փոթորկի Ափրիկէի մէջ, որուն ոսկին եւ ադամանդը, անհատնում հարստութիւնները կը թալանուին, իսկ խեղճ բնակչութիւնը՝ խալխլած նաւակներով կը փորձէ օգնութիւն եւ մարդավայել կեանք փնտռել Եւրոպայի մէջ։
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

