• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արցախի Նահատակ Ազատամարտիկ Նորայր Հաճեանի Հպարտ Հայր՝ Մեզի Պաշտօնակից Միքայէլ Հաճեանի Հետ

30.03.2017   07:42

Երէկ յետմիջօրէին «Զարթօնք»ի խմբագրատան մէջ պատիւն ունեցանք հիւրընկալելու Արցախի նահատակ ազատամարտիկ Նորայր Հաճեանի հպարտ հայր՝ մեզի պաշտօնակից Միքայէլ Հաճեանը:

Երէց լրագրող մեր հիւրին կ’ընկերակցէր «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը:

Միքայէլ Գրիգորի Հաճեան ծնած է 1951, Փետրուար 17-ին, ԱդրԽՍՀ  Աղսուի շրջանի Կիւրճեւան հայկական գիւղին մէջ։ Աւարտած է 1967-ին՝ հայրենի գիւղի միջնակարգ դպրոցը, 1972-ին՝ Պաքուի Լենինի անուան պետական մանկավարժական ուսումնարանը՝  հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի մասնագիտութեամբ։

Պրն. Հաճեան 1972-1973 ժամանակահատուածին մէջ իբրեւ ժամկէտային զինծառայող ծառայած է ԽՍՀՄ Զինուած ուժերուն մէջ։

Աշխատած է 1972-1978՝ Պաքուի «Կոմունիստ» (հայերէն)   հանրապետական  թերթի խմբագրութեան իբրեւ կրտսեր գրական աշխատող,  թղթակից,  1978-1988՝ Ազրպէյճանի հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի պետական կոմիտէի հայերէն հեռուստահաղորդումներու ծրագիրի խմբագիր, 1988-1992՝   Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի պետական կոմիտէի գրական- գեղարուեստական հեռուստատեսային հաղորդումներու գլխաւոր խմբագրութեան խմբագիր, ռատիոյի քաղաքական հաղորդումներու բաժինի խմբագիր, ռատիոյի լուրերու գլխաւոր խմբագրութեան խմբագիր, 1992-1993՝ ՀՀ  Նախագահի աշխատակազմի քաղաքական փորձագէտ Ազրպէյճանի գծով, 1993-1994՝ ՀՀ կառավարութեանն առընթեր յատուկ ծրագրերու պետական վարչութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժինի պետ։

1995 Յունուարին աշխատանքի հրաւիրուած է ԼՂՀ, աշխատած է. 1995-1996՝ ԼՂՀ  լրատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքի տնօրէն, 1996-1998՝ ԼՂՀ կառավարութեան աշխատակազմի գլխաւոր մասնագէտ, 1998-1999՝ ԼՂՀ Նախագահի մամուլի ծառայութեան գլխաւոր մասնագէտ, 1999-2000՝ ԼՂՀ «Ազատ Արցախ» հանրապետական թերթի գլխաւոր խմբագիր, 2001-2014՝ ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամուլի ծառայութեան ղեկավար, 2016 Փետրուարէն՝ Արցախի հանրային ռատիոյի լուրերու բաժինի եւ քաղաքական հաղորդումներու պատասխանատու:

Պրն. Խանճեան 1997-ին  հիմնած եւ առ այսօր համաժամանակ  կ’աշխատի Ստեփանակերտի «Ձայն արդարութեան» ռատիոկայանի տնօրէն,  տարիներ շարունակ թղթակցած է «Արմենփրես», «Հայլուր» լրատուական գործակալութիւններուն, ինչպէս նաեւ «Ազատամարտ», «Երկիր», «Ասպարէզ», «Առաւօտ», «Ապառաժ», «Ազդակ» թերթերուն, Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի այլ լրատուամիջոցներու՝ հանդէս գալով մասնաւորապէս քաղաքական վերլուծութիւններով ու մեկնաբանութիւններով, խմբագրած, հրատարակութեան պատրաստած է տարբեր հեղինակներու գեղարուեստական, հրապարակախօսական ու գիտական շարք մը գիրքեր։

Մեր հիւրը ԼՂՀ  վաստակաւոր լրագրող է։ Ամուսնացած է։ Ունի 2 որդի, 4 թոռնիկ։

2

Վաստակաւոր մտաւորականին ամենամեծ տիտղոսը, սակայն, Արցախի ազատամարտիկ նահատակի հայր ըլլալու հանգամանքն է: Պրն. Հաճեանի աւագ որդին՝ Նորայր Հաճեան, պատանեկութենէն ազատամարտիկ եւ վերջերս դարձեալ կամաւորագրուելով Արցախի սահմաններու պաշտպանութեան, Ապրիլ քառօրեայ պատերազմին զոհուած է Թալիշի դիրքերուն վրայ։

Այս պատուաբեր հանդիպումը առիթ մըն էր Արցախի մէջ կայացած լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովէն մեզի ծանօթ մեր երէց պաշտօնակիցին հետ զրուցելու Արցախի մասին ընդհանրապէս եւ մամուլի ու յատկապէս տպագիր մամուլի իրավիճակին մասին մասնաւորաբար:

Նշենք, որ Միքայէլ Հաճեան ՀՅԴ Քարոզչական Յանձնախումբի հրաւէրով  հիւրաբար կը գտնուի Լիբանան՝ բանախօսելու վերջինիս կազմակերպած Միշտ Արցախի Հետ ժողովրդային յիշատակի հանդիսութեան նուիրուած 2016 Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն:

Նշեալ ձեռնարկը, որուն ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Պրն. Սամուէլ Մկրտչեանն ու կազմակերպող կողմի անունով Շահան Գանտահարեանը, տեղի ունեցաւ երէկ ուշ երեկոյեան Պուրճ Համմուտի Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահին մէջ:

Խմբագրատանս մէջ հանդիպումը եւ նաեւ երեկոյեան ձեռնարկի ընթացքին իր խօսքը լսելը նաեւ առիթ մըն էր մեզի ողջագուրուելու այդ հպարտ եւ քաջ հօր հետ եւ գօտեպնդելու զինք, որ ճիշդ է թէ  ինչպէս ինքը յիշեց, որ Նորայրի նահատակութեամբ ան կորսնցուցած զգաց իր աջ ձեռքը, սակայն մենք բոլորս Նորայր ենք իր եւ իր նման (իր բառերով) Նորայրացած (նահատակուած, մարտիրոսացած) ծնողներուն համար:

Մահ իմացեալ անմահութիւն է սիրելի՛ Միքայէլ: Զաւակդ Նորայր յաւերժ պիտի ապրի սերունդներու սրտերուն մէջ:

«Խմբ.»

 

 

           

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner