Անյայտի Հիւրը
*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Հովն հորովել է ասում, անձրեւը ցուրտ բառեր.
Յուզումնաւոր իմ լեզու, ինչո՞ւ ես լռել: (Ե. Չարենց)
Ահաւասիկ բնութիւնը կը խօսի, անոր՝ որ զայն կը կարդայ. Հորովել կ’երգէ, անոր որ գիտէ ըմբոշխնել, սակայն, ուրկէ՞ են այդ գիտելիքները, խօսքերը, երաժշտական ելեւէջները. այնքան հոգեգրաւ ապրումներով ու մենք՝ զանոնք կ’ըմբոշխնենք ու կը հիանանք:
Ո՞վ էր այն ուսուցիչը, եթէ ոչ՝ Անյայտը, մեկնաբանուած՝ զանազան կրօններու, փիլիսոփաներու, մտածողներու կողմէ ու տակաւին կը մնա՛յ ու հաւանաբար դեռ շա՜տ դարերու կը կարօտի մինչեւ յստակ պատասխանի, եւ ան ալ տակաւին՝ հարցական: Կու գայ… Անսկիզբէն, ու վարկածներ բազում են… կը կազմուին Տիեզերքը, մոլորակները ու անոնցմէ՝ կեանքը այս աշխարհի վրայ:
Անսկիզբէն գաղտնիքները ոչ դուն գիտես, եւ ոչ ալ ես.
Առեղծուածին բառը կարդալ ոչ դուն կրնաս, եւ ոչ ալ ես,
Վարագոյրի ետեւն է որ կը բարբաջենք մենք երկուսով
Վարագոյրը երբ որ վերնայ, ալ ոչ դուն կաս, եւ ոչ ալ ես: (Օ.Խայեամ)
Մութէն լոյսի կու գայ, իր մէջ՝ անցեալ մ’ամբողջ:
Կեանքն է որ կը բացուի ներաշխարհով անմեկնելի միջավայրի մը մէջ, ուր դարերէ գալով հասած ենք ներկայի, մարդակերութենէ՝ մարդասպանութեան ու պատմութիւնը աղաղակող իրականութիւն է. Ու ո՛չ միայն պատմութիւնը. (շատ հեռացանք կարծեմ) այսօր իսկ մարդասպանութիւնը, անհատական թէ զանգուածային, երկիրներու ապրելակերպն է. ընթացք մը, որուն պատերազմ անունը կու տան, ուր միլիոնաւոր մարդիկ կը զոհուին յանուն մրցակցութեան: Բայց պատերազմի առընթեր պէտք է յիշել նաեւ խաղաղութեան կոչերը, երթերը զանգուածներու մօտ, նոյնիսկ պետական մարդոց շրթերու վրայ եւ սակայն՝ այդքան. Հոն կը սկսի ու կը վերջանայ խաղաղութիւնը: Ու ահա կրկի՛ն արիւն ու աւեր, ու կոչը թէ՝
Պատմութենէն դաս չենք առներ
Իսկ ինչո՞ւ…
Արդէն մարդ արարածը, մեր վերը նշած խաւարին մէջ առած է իրեն պէտք եղած դասերը, ապրելու, գոյատեւելու համար, որու համար ալ ձեռնածալ չի կրնար մնալ. Այլ՝ պայքարիլ ու զօրանալ, շարժիլ, կայ բնածին մղումը որպէսզի կարենայ տիրանալ, կենդանական բնազդի ամէն յատկութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ քանի որ ապագայ մարդը պիտի ըլլայ, բանականութեամբ, որ պարզապէս իբրեւ գործիք պիտի ծառայէ բնազդին:
Տեսած չէ՞ք, երբ ընտանիք մը նորածին երեխայով ծաղկի երէց քոյրը կամ եղբայրը ինչպիսի՛ նախանձով կը մօտենայ, շրթերուն գուցէ ժպիտ, սակայն՝ առիթը կ՛օգտագործէ նեղութիւն տալու նորեկին, ի՛ր ձեւով, այլեւս ըստ պարագային եւ յարմարութեան, զարնելով կամ նոյնիսկ՝ խածնելով. Մինչ անդին՝ դաստիարակութիւնն ալ պիտի ըլլայ… կիրքերը սանձել փորձող ուժը անհաւասար:
Տարիները պիտի անցնին… ոչինչ պիտի փոխուի:
«Մարդը չափահաս… մանուկ է», պիտի ըսէ Նաբոլէոն:
Ուրեմն՝ լսենք մեր անմահանուն Թումանեանը.
Հին աշխարհը ամէն օր
Հազար մարդ է մտնում նոր,
Հազար տարուան փորձն ու գործ
Ըսկսւում է ամէն օր:
Բնութեան երթին հոգիս կու տայ ծափ:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

