Դամբանի Մրուր
*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
«Թաղուած մնաց իմ աչերում մի անհուն
Կապուտաչեայ երջանկութեան առասպել»
Ե.Չարենց
Մեր ամբողջ պատմութիւնը վերջին հազարամեակին, ըլլալով արտաքին փոթորկոտ ու անհամեմատ ուժերու ենթակայ, աղբ ու տառապանք է եղած, ու իբրեւ շնչառութեան առիթ՝ ելք մը գտնելու, ձերբազատուելու առկայ իրավիճակէն, որոնք անշուշտ դարերու ընթացքին իրենց դրոշմը ունեցած են մեր կենցաղային մտածողութեան, արեւելումներուն եւ զանազան այլոց… ու հասած ենք տեղ մը, երբ համատեղ մտածող ու բանաստեղծ Յ. Թումանեան գրած է « Ներսից ենք փճացած», ուրեմն՝ պէտք է բուժումն ալ կատարուի ներսէն, ինքնաքննութեամբ, ինքնանորոգմամբ, վերջ ի վերջոյ հասնելու ինքնակերտումի…
Արեւելահայաստանի ափ մը հողի վրայ՝ Անկախութիւն, որը մարեցաւ հազիւ ժպտիլ սորված: Ապա, խորհրդայնացում եւ եօթանասուն տարիներու տաքն ու պաղը, բայց վերջին հաշուով աճող ու ուռճացող, «հասակ առած այր մի պարթեւ» Հայաստան մը, խորհրդային կազմին մէջ, որը երբ լուծուեցաւ, դարձեա՛լ Անկախութիւն ու Արցախեան պատերազմ եւ յաղթանակ…:
«ՔՍԱՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԴԱՐԸ ՄԵ՛ՐՆ Է ԼԻՆԵԼՈՒ»,- հնչեց հերոսին ձայնը, որ ուրիշինը չէր, այլ՝ Ազգային հերոս Վազգէն Սարգսեանին:
Եւ սակայն…
Ինծի համար Հոկտեմբեր 27ը ութ մոմեր վառելու օրն է՝ իբրեւ յիշատակ այն սպանդին, որ կատարուեցաւ Ազգային տան մէջ:
Նայիրի Յունանեան ( Հ.Մ.Ը.Մ.ական, խմբապետը հինգ հոգինոց բջիջի) Ազգային տունը վերածեց Ազգային Սպանդանոցի, ուր շուտով փութաց Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, («հզօր հրետանի, ղարաբաղցի մօր զաւակ, մեծայարգ հայրենիքի նախագահ Պր. Ռոպերթ Քոչարեան» Պ. Աղպապեան), ինչ որ գլուխ գլխի խօսակցութենէ ետք, խումբը առաջնորդուեցաւ վայր, իսկ անկէ ետք, նախագահը դարձաւ միահեծան իշխանութիւնը նորանկախ Հայաստանին…
(Ինչ որ անմոռանալիօրէն դրոշմուած է միտքիս մէջ, իր ընկերասիրութեամբ, Մոսկուայէն ժամանած Ռ. Հանրապետութեան նախագահ Փութինին, ինչպէս նաեւ յուղարաւորներու խումբի՝ դագաղներու առջեւէն «Ղարաբաղցի մօր զաւակ»ի տողանցքն էր, օրօրուելով-օրօրուելով ու ձեռքին վարդ մը ճօճելով…):
Մարդկային բնաւորութեան մէկ յատկանիշն ալ յանցանքը վերագրելն է այլոց, եւ սակայն այս կէտը կը խորհիմ թէ մեր մէջ առաւելագոյնս արմատացած է, որուն դարմանը ինքնամաքրութիւնն է, առաւել՝ խիզախութիւն եւ առարկայական ըլլալը, ընդունիլ պատասխանատուոթիւնը պատահարին, իբրեւ բանական էակ, բարձրանալով բնազդայինէն, լոկ կենդանական, ըսելու ինչ որ ինք կը մտածէ, կ’ապրի, եթէ նոյնիսկ կախաղանի թոկը օրօրուի աչքերուն առջեւ…օրինակներ ունինք անշուշտ:
«ՔՍԱՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԴԱՐԸ ՄԵ՛ՐՆ Է ԼԻՆԵԼՈՒ…»
Արդեօք միտքէն կ’անցնէ՞ր, թէ կրնայ պատահիլ ինչ որ պատահեցաւ:
Հերոսները կը տապալին, Կ’ԱՆՄԱՀԱՆԱՆ…
Ութը մոմեր, եւ… խունկի ծփանք:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

