Ծագումով Հայ Լիբանանցին եւ Պետական Կառոյցները

*ՍԻՊԻԼԱ ՄԱԼԵԱՆ-ՓԱՉԱՆԵԱՆ*
Լիբանանեան ընկերութեան մէջ՝ ընդհանրապէս, Բանակի մէջ զանազան պաշտօններ ստանցնելու ցանկութեան մեծ տոկոսը ոչ քրիստոնեայ երիտասարդներուն մօտ աւելի շեշտուած է, իսկ մասնաւորապէս Լիբանանահայ գաղութին մօտ գրեթէ անծանօթ մարզ մըն է, այս վերջիններս կը նախընտրեն տարբեր ասպարէզներու մէջ գործել քան բանակին մէջ:
Պատճառները զանազան են, հիմնականին,ծնողները չեն քաջալերեր , որ իրենց զաւակները մուտք գործեն բանակին մէջ եւ կը նախընտրեն որ անոնք հաստատութիւններու կամ ընկերութիւններու մէջ պաշտօնեաներ ,տնօրէններ կամ արհեստաւորներ դառնան:
Արդ,տարիներ շարունակ, ծագումով հայ լիբանանցին արաբերէն լեզուին լաւ չտիրացած ըլլալուն վնասները կրած է եւ ըստ լիբանանեան համայնապատկերին շնորհած պետական պաշտօններու հաւասար բաժանումին (Քրիստոնեայ/Մահմետական)ընծայած շնորհներէն բնաւ երբեք արդար կերպով հայ գաղութը իր իրաւունքներուն տիրացած չէ եւ երկար տասնամեակներ այլ ուրիշ Քրիստոնեայ կուսակցութիւններ եւ համայնքներ Հայ գաղութին լիազօր պաշտօններուն «տիրացած »են:
Վերջին քսան տարիներուն եւ յետ Հայաստանի հանրապետութեան անկախացման տարիներուն,Լիբանանցի ծագումով հայ նոր սերունդը,տարբեր կապուածութիւն մը սկսաւ ունենալ լիբանանեան պատկանելիութեան առումով:Հակառակ այն ժխտական երեւոյթին,որ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ իրենց զաւակները ոչ հայ կրթական հաստատութիւններ առաջնորդեցին հոն տարբեր մէկ ինքնութեան«ձուլում» յառաջացաւ որուն հետեւանքով հայ երիտասարդը առիթը ունեցաւ ոչ հայ լիբանանցի իր եղբօր ճանչնալու: Երկրորդ, համալսարաններու մէջ,նաեւ նոր հորիզոններու ծանօթանալով հայ երիտասարդը որ մեծամասնութեամբ եւ մեծ ալիքով համալսարաններ յաճախելու սկսաւ, նոյնպէս լիբանանցիի իր պատկանելիութեան անդրադարձաւ եւ գիտակից իր քաղաքացիական իրաւունքներուն փափաք յայտնեց մուտք գործելու պետական կառոյցներէն ներս, ինչպէս նաեւ բանակին շնորհած բոլոր պաշտօններուն մէջ դերակատարութիւններ ստանցնելու:
Սակայն տակաւին, ունինք հարիւրաւոր եթէ ոչ հազարաւոր հայ երիտասարդներ,որոնք վկայականներ իրենց ձեռքին անգործ են կամ ալ համալսարան մուտք գործելու անկարող եւ դժբախտաբար չեն ցանկար բանակին հրամցուցած պաշտօնները ստանցնել եւ կը նախընտրեն գաղթել արաբական Ծոց եւ կամ արտասահման:
Իրականութեան մէջ հայկական շրջանակներուն մօտ բանակայինի մը օժտուած բարիքներուն եւ հանգիստ կեանքին շատ շատեր անծանօթ են եւ միայն քանի մը տարիներէ ի վեր է որ դպրոցներէ ներս այդ մասին կը բացատրուի:
Հինգշաբթի, 21 Օգոստոս 2014 ին, «Լապօրա» կազմակերպութեան նախագահ հայր Թոնի Խատրա ասուլիս մը գումարեց, մասնակցութեամբ Քրիստոնեայ կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցիներու 13 ներկայացուցիչներու ,ուր հանրութեան պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ թէ այժմ լիբանանեան պետութեան բանակի տարբեր բաժանումներուն մէջ 16 հազար պաշտօնի տեղ թափուր է. հետեւաբար կոչ ուղղեց բոլոր կրթական եւ համայնքային հաստատութիւններու եւ յատկապէս Քրիստոնեայ երիտասարդութեան դիմելու այդ գործի առիթները ստանցնելու, որուն շնորհիւ քաղաքական մեծ քայլ մը կատարած պիտի ըլլան անոնք, որովհետեւ հայրենիքին կապուածութիւն մը պիտի ստեղծուի եւ նոր սերունդը փոխանակ գաղթելու օտարութեան ափեր, կառչած պիտի մնայ իր հողին եւ որուն շնորհիւ, քրիստոնեան պիտի մնայ կայուն իր հողին եւ Միջին արեւելքէն Քրիստոնեաներու գաղթին ձեւով մը կասեցման աշխատանքին զարկ տուած պիտի ըլլան:
Բարեբախտաբար քանի մը տարիներէ ի վեր հայ երիտասարդներու մուտքը Բանակի կամ ներքին ապահովութեան զանազան բաժիններուն մէջ դրական շարժում արձանագրած է ինչ որ տեղ մը գնահատելի արարք է:
Քաջալերելի նախաքայլ մըն է որ իսկապէս տարածուելու է մեր հայկական զանազան ընկերութիւններու եւ շրջանակներու մէջ, մեր ղեկավարները նոր սերունդին տպաւորելու են զանազան ասուլիսներով կամ դասախօսութիւններով, որպէսզի հա՛յն ալ, որպէս լիիրաւ լիբանանցի քաղաքացի, իր իրաւունքներուն ձեռք ձգէ եւ իր շինիչ ուժականութեամբ հաստատէ իր լիբանանցիութիւնը եւ պարտականութիւնը նկատմամբ իր երկրորդ հայրենիքին սիրելի Լիբանանին:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

