Օրագրութիւն՝ Օր 9

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Պէյրութ, 1 Յուլիս 2014
Օրերէ ի վեր Սարոյեան կը կարդամ, պիտի ըսէք ինչպէս: Զինք ճանչցած եմ Փարիզ Հայ դերձակի մը աշխատավայրին մէջ: Միասին լոլիկ ու հաց կերած ենք ու Սարոյեանը բացագանչած է .- Տաքթըր Թորոս, փառաւոր ճաշ մը ըրինք: Դուն տաքթըր ես, հսկես՝ պարզ Սարոյեան:
Ճանչցած ըլլալով Սարոյեան մարդը, երբ այս օրերուն կը կարդամ իր գիրքերը թիւով վեց գիրք, բոլորին ալ թարգմանիչը՝ ուսուցիչս Յովհաննէս Շէօհմէլեան, ըսի Սարոյեան կը կարդամ, չըսի Սարոյեանին գիրքերը:
Սարոյեանի բազմատասնեակ գիրքերը գեղեցիկին սիրահար, սիրոյ սիրահար Սարոյեան կը բուրեն:
Ահա ինչու կը կրկնեմ, օրերէ ի վեր Սարոյեան կը կարդամ, երբ անոր սիրտը լեռներու մէջ է, երբ Սարոյեանը ոստրէի մը մէջ մարգարիտ կը փնտռենք, երբ Սարոյեան կը ձայնէ .- Հէ՜յ ո՞վ կայ հոն, երբ Սարոյեան կը խօսի քարյրաբնակներու մասին, երբ Սարոյեանը Անօթիներու մասին ոչ թէ կը խօսի, այլ՝ կը վերլուծէ անոնց վիճակը, վերջապէս հասնելով «Ձեր կեանքին ժամանակը» թատերգութեան, այսինքն հատորին վեցերորդ թատերգութեան, ուր կ’ըսէ .- «Որքան շատ սպասես, այնքան քիչ բան կայ սպասելիք:» Պարզ նախադասութիւն մը, որ ընթերցողը կը մղէ անվերջանալի մտածումներու:
Իսկ երբ Սարոյեան կը շարուանկէ վերլուծել մե՛ր կեանքին ժամանակը, ահա՛ (այդ ժամանակը) կը շարունակուի օրեր, շաբաթներ, ամիսներ, տարիներ ու տարիներ անընդհատ: Երբ կը սթափիս, կը գիտակցիս որ բոլոր տարիները մահացած են: Մահացած են բոլոր վայրկեանները: Դուն ալ մեռած ես: Սպասելիք ոչինչ մնացած է, ոչմէկ բան, բացի ժամացոյցի վրայ մնացած վայրկեաններէն: Ապրելու ժամանակ չէ մնացած, կեանքի ժամանակ չէ մնացած … Բայց ինչո՞ւ տակաւին կը շարունակէ ապրիլ Սարոյեանը …
Ու ես կը շարունակեմ կարդալ Սարոյեանը հաստատելու համար թէ այս տարիքին եւս սպասելիքներ կան, սպասելիքները անվերջ են, վերջանալիք տարիքին անգամ, մինչեւ մարդուն նիւթական վերափոխում , կարդացէք, չըսի մինչեւ մահը: Մահը եզր մըն է, ճիշդ է ըսել վերափոխում, տեսակի փոփոխութիւն …
Այս պատկերով ալ փակեմ մեր կեանքին ժամանակը զոր տուած է Սարոյեանը.
-«Հիուսթըն հեռացայ գրպանս յիսուն սէնթ զոր Լուսինտա անունով աղջիկ մը նուէր տուած էր: Տասնըչորս փշաթելերով շրջապատուած մեծ տուն մը ուր շուներ կային: Անօթութիւնն ու ծարաւը ստիպեցին որ դարպասին մօտենամ: Շուները վեր ցատկեցին եւ յարձակեցան վրաս: Ես դէպի շուները յառաջացայ ամէն վայրկեան քիչ մը աւելի հեռանալով: Մօտեցայ եւ թակեցի դուռը: Խոշորակազմ սեւամորթ կին մը դուռը բացաւ եւ շտապ գոցեց ըսելով.- Տէֆ եղիր գնա, ճերմակ թշուառական: Դուռը նորէն բախեցի: Ըսին, «Հեռացիր, գնա՝ ճերմակ թափթփուք:» Այս անգամ ծերուկ մարդը բացաւ դուռը, մինչ հրացան մըն ալ ձեռքին: Ըսի.-«Նպատակս կռիւ չէ, ոչ ալ ձեզի նեղութիւն պատճառել: Հայրիկ, անօթի եմ եւ ծարաւ, անունս Գավան է: Ներս առաջնորդեց զիս եւ երկուքիս՝ մենթոյով խառնուած ըմպելի մը պատրաստեց: Հարցուցի, «Հայրիկ, դուն առանձին կ’ապրիս,»
Պատասխանեց.- «Խմէ եւ հարցումներ մի՛ ուղղէր: Տեսար տան տիկինը: Եթէ ձեզի ըսեմ թէ այդ հարաւցի ծերուկը իմ մեծ հայրիկս է, պիտի չհաւատաք:» Հերոսներու բերնով այսպէս կը խօսի Սարոյեանը: Սորվելիքներ, չունի՞նք …:
Որովհետեւ «Կեանքը արուեստ է, Հաշուապահութիւն չէ: Դուն քեզ ըլլալ, դուն քեզ գտնել: Շատ վարժութեան եւ փորձի կը կարօտի:»
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

