Անչափահաս տարիքի ամուսնութիւններ

*ՍԻՊԻԼԱ ՄԱԼԵԱՆ-ՓԱՉԱՆԵԱՆ*
Վերջին ամիսներու իրադարձութիւններու ընդմէջէն ներցանցի եւ այլ ընկերային մամուլի միջոցաւ ահազդու եւ անագորոյն թշնամիին սփռած արիւնն ու սարսափին կողքին , թախծոտ սրտով տեղեակ կը դառնայինք անմարդկային տգիտութեան գործած աւերներուն. Բռնաբարութիւններ , կանանց վաճառք եւ ամէնացաւալին փոքրիկ աղջիկներու եւ պարմանուհիներու բռնի ամուսնութիւններ:
Այս վերջին կէտը զիս մղեց աւելիով դատապարտելու եւ ընդվզելու եղածին դէմ,տրուած ըլլալով որ ես ինքս մա՛յր աղջկաս , անկարողացայ երեւակայել եւ ընկալել այդպիսի գաղափար մը իսկ:Որքա՛ն անխիղճ ու անմարդկային պէտք է ըլլայ մէկը, որ կարողութիւնը ունենայ այդպիսի քայլ մը առնելու եւ մանուկի մը անմեղ կեանքը սրբապղծելու:
Հուսկ երբ կը կարդայի թէ այդ անսիրտ ,անգութ, դիւահար էակը կը հպարտանար թէ ինք «Հալալ» կ’ամուսնանայ » 9,10,15 տարեկան աղջնակին հետ որովհետեւ ըստ մահմետական կրօնքին Մուհամմէտ մարգարէին վերջին կինը 9 տարեկան եղած էր:
Հետաքրքրութեանս զարկ տալով ուզեցի յաւելեալ փնտռտուքներով հաստատել իւրաքանչիւր արեւելեան համայնքի ամուսնութեան կանոնական տարիքը:Արդիւնքները հիասթափեցուցին զիս:
Առաջին հերթին ինչպէս վերեւ նշած էի, 9 տարեկանէն իսլամ աղջնակը կրնայ ամուսնանալ, իսկ մանչը՝ 12 տարեկանին: (ըստ մահմետական կանոնի)
Ուղափառ եկեղեցին ամուսնութեան կանոնական տարիք ճշդած է ՝15 եւ աւետարանական բողոքականներու մօտ ՝16 մինչ տիւրզի համայնքի մօտ աղջիկները հարկ են 17 տարիքը ամբողջացուցած ըլլան իսկ մանչերը 18:
Քրիստոնեայ արեւելեան կաթողիկէ եւ հայ համայնքներու մօտ ամուսնութեան կանոնական տարիքը հետեւեալնէ՝ 14 տարեկան ամբողջացուցած աղջնակը իսկ մանչը 16 տարեկանը ամբողջացուցած : (Ըստ կանոն 800)
Բոլորիս ծանօթ է այն իրողութիւնը թէ պատանի տարիքը վերջ կը գտնէ 18-19 տարիներուն այսինք իւրաքանչիւր ամուսնութիւն որ կը կայանայ 18 տարիքէն վար ՝անչափահաս ամուսնութիւն կը նկատուի եւ հետեւաբար երբ, 10 տարեկան կամ 12 տարեկան եւ կամ 15 տարեկան աղջնակը ամուսնութեան կարելիութեան դիմաց կը գտնուի կը նշանակէ տակաւին մենք կ’ապրինք միջնադարեան շրջաններուն եւ մեր եկեղեցին տեղ մը թերացած է բարեկարգելու եւ այժմէականացնելու իր կանոնները:
Ճշմարիտը ըսելով յուսախաբուած կը զգամ երբ կը բաղդատեմ տիւրզի համայնքին 17 եւ 18 տարիքները ամբողջացնելու ապա ամուսնանալու կանոնը մինչ մենք որպէս հայ համայնք կը հետեւինք միջնադարեան եւ յետամնաց ընկերութիւններու ժամանակ դրուած կանոններու եւ մեր եկեղեցին իր զանազան բարեկարգումներու կողքին այդ անչափահաս մանուկներու ամուսնութեան կանոնը միեւնոյնը պահած է:
Այսինքն երբ անչափահաս աղջիկ մը եւ տղայ մը ինչ ինչ- ձեւերով որոշումի յանգած են եւ կը փափաքին ամուսնանալ, յատկապէս փախստական ամուսնութեան մասին կ’ակնարկեմ հոս, կղերականը այդտեղ ըստ կանոնի պիտի շնորհէ սուրբ Պսակի օծումը:
Վստահ եմ այս յօդուածը կարդալէ ետք շատեր պիտի ընդվզին եւ եկեղեցին պաշտպանելու գնով ըսեն թէ վարդապետներ նախքան ամուսնանալը պատրաստողական շրջանի մը դասընթացքներու կը մղեն զոյգը եւայլն….Այդ չէ կարեւորը, հիմնականը որ տակաւին մեր եկեղեցին իր ներքին կանոններըը այժմէականացնելու շատ լուրջ աշխատանքներ պէտք է մղէ, պարզապէս առիթ չտալու համար որեւէ սայթաքումներու կամ ապահարզանի եւ այլ ուրիշ ամուսնական հարցերու:
Ամուսնական կեանքը միջնադարեան շրջաններուն անբացատրելիօրէն եւ անսահմանօրէն տարբեր է այժմու արդի ամուսնութիւններէն, հետեւաբար Եկեղեցին իր կարգին աւելի արդի աւելի լայնախոհ այս կէտէրուն մէջ պարտի բարեկարգումներ ընելու անյապաղ:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

