Թալիշ. Արցախի «Հիւսիսային Դարպաս»ները Կը Վերականգնուին

Արցախի Թալիշ գիւղը, որ ամենաշատը տուժած է 2 Ապրիլ, 2016-ին Ազրպէյճանի ծաւալած յարձակումէն, կը վերականգնուի ու կը բնակեցուի: Գիւղի վերականգնման գլխաւոր ծրագիրը հաստատուած է ու աստիճանաբար կ’իրականացուի: Գիւղին մուտքի մօտ հիւրերը կը դիմաւորէ աղբիւրը` հայկական գիւղերու հնամենի խորհրդանիշը: Այդ աղբիւրը վերջերս կառուցուած է եւ կը ծրագրուի, որ ապագային դառնայ վայր, ուր երեկոյեան պիտի հաւաքուին գիւղացիները: Գլխաւոր ճանապարհէն քիչ մը հեռու կը գտնուի գիւղապետարանը: Անոր մօտ կը կառուցուի հանդիսաւոր արարողութիւններու սրահը:
Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչ Լեւոն Ապրեսեանի խօսքով` Թալիշ գիւղին մէջ գլխաւոր ծրագիրի համապատասխան, կը ծրագրուի ժամանակակից բնակարաններու կառուցումը մօտ 120 ընտանիքներու համար` ապաստաններու առկայութեամբ: Ըստ պահանջարկի աճի` բնակարաններուն քանակը կրնայ շատնալ: Տուներուն կառուցումը կը նախատեսուի սկսիլ շուտով:
«Թալիշի բնակչութիւնը ստիպուած եղած է շատ բաներու մէջէն անցնիլ, գոյք կորցնել: Անոնք պէտք է պետութեան հոգատարութիւնը զգան», – նշած է Ապրեսեան:
Գիւղի տուները ելեկտրականութիւն ունին, ճանապարհի շինարարութիւնը ընթացքի մէջ է: Կը լուծուի տուներու ջրամատակարարման հարցը:
«Մարդիկ չեն լքած տուները: Ճիշդ է, մեծաւ մասամբ կանայք ու երեխաները մշտական գիւղին մէջ չեն ապրիր, սակայն պարբերաբար կու գան, կը հետեւին տնամերձ հողամասերուն», – ըսած է Լեւոն Ապրեսեան: Նախապէս գիւղացիները կը զբաղէին անասնաբուծութեամբ, կը պահէին ոչխարներ ու խոշոր եղջերաւոր անասուններ, ցորեն կը ցանէին:
Սակայն այստեղ, ինչպէս սահմանամերձ գիւղերու մեծ մասին մէջ, հակառակորդի պարբերաբար գնդակոծութիւններուն պատճառով՝ հողի մշակման խնդիր կայ: «Այս պատճառով մօտաւորապէս 1.5 հազար հեքթար ոռոգելի հողատարածքէն, գիւղացիները կրնան օգտագործել մէկ երրորդը», – նշած է ան:
Մինչ ապրիլեան իրադարձութիւնները՝ գիւղին մէջ մօտ 140 ընտանիք կը բնակէր:
«Թալիշը մեր «հիւսիսային դարպասն» է, եւ մենք կը պատրաստուինք լիարժէքօրէն վերականգնել զայն: Մտադիր ենք աւելի շատ բնակիչներ ներգրաւել: Ծրագիրներուն մէջ կայ նաեւ գործարանի կառուցում, գիւղատնտեսական տարբեր ոլորտներու զարգացում»,- նշած է Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցիչը:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

