Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Յարաբերութիւնները Իսկական Իմաստով Դաշնակցային Են. Սերժ Սարգսեան Հանդիպած է Փութինի Հետ

Տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը, որ պաշտօնական այցով Ռուսիա կը գտնուի։ Մասնաւորապէս քննարակուած են երկկողմանի համագործակցութեան եւ Եւրասիական տարածքի հիմնահարցեր։
Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փուտին յոյս յայտնած է, որ սահմանադրական բարեփոխումէն ետք Հայաստանի մէջ առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները բարեյաջող կ’անցնին։
Քրեմինի մէջ Սերժ Սարգսեանի հետ բանակցութիւններու սկիզբը Ռուսիոյ ղեկավարը նշած է, որ իրենց այս հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ երկրի Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախապատրաստութեան ֆոնին: «Այդ ամէնը կապուած է նաեւ սահմանադրական բարեփոխման հետ: Գործընթացը, ըստ երեւոյթին, հեշտ չէ, բայց վստահ եմ, որ Հայաստանը ձեր ղեկավարութեամբ պիտի անցնի իր զարգացման այս փուլը»,- նշած է Փութին:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ Ապրիլ 3-ին պիտի նշուի երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը:
«Այս տարիներու ընթացքին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները ձեռք բերած են բառիս իսկական իմաստով դաշնակցային բնոյթ»,- ընդգծած է Փութին` աւելցնելով, որ Մոսկուան եւ Երեւանը կը համագործակցին գրեթէ բոլոր ուղղութիւններով: Ան նշած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները «միշտ կառուցուած են շատ խոր արմատներու վրայ, որոնք կու գան դարերու խորքէն, անցեալէն»: Յարաբերութիւնները կը շարունակուին նաեւ զարգացման ներկայ փուլին»,- ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
Իր հերթին` Հայաստանի նախագահը յայտարարած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին կողմերը պէտք է ուրուագծեն համագործակցութեան գլխաւոր ուղղութիւնները մօտ հեռանկարի մէջ:
«Այս տարիները դարձած են սերտ համագործակցութեան ժամանակաշրջան, եւ մենք հասած ենք անկեղծ դաշնակցային յարաբերութիւններու: Այդ յարաբերութիւններուն բնոյթը կը թելադրէ օրակարգը: Վստահ եմ, որ մեր այսօրուան այցը բովանդակալից պիտի ըլլայ եւ պիտի անցնի լիարժէք փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի մէջ»,- ըսած է Սերժ Սարգսեան:
Նեղ կազմով հանդիպումէ ետք, կայացած են ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ` երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ:
Ի պատիւ պաշտօնական այցով Ռուսիոյ Դաշնութիւն գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեանի՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի անունով տրուած է պաշտօնական ճաշ:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

