Սերժ Սարգսեան Ընդգծած Է Համահայկական Խաղերը Բարձր Մակարդակով Իրականացնելու Կարեւորութիւնը

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 17-ին հրաւիրած է խորհրդակցութիւն` Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու կազմկոմիտէի անդամներու մասնակցութեամբ: Քննարկուած են Օգոստոս 2-ին մեկնարկելիք Համահայկական խաղերու նախապատրաստման կազմակերպչական աշխատանքներու ընթացքը եւ մինչեւ խաղերու բացումը իրականացուելիք աշխատանքները:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը, ՀՀ վերահսկիչ պալատի նախագահ, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ (կազմկոմիտէի նախագահ) Իշխան Զաքարեանը զեկուցած է, որ խաղերու հանդիսաւոր բացումը պիտի կատարուի Հանրապետական մարզադաշտին մէջ, իսկ փակումը` Օգոստոս 13-ին, Թատերական հրապարակին վրայ: «Միասնութիւն մարզախաղով» կարգախօսին տակ խաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւանի, ԼՂՀ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի, Գիւմրիի, Վանաձորի, Աբովեանի, Արտաշատի մէջ:
Համահայկական խաղերուն, ըստ կանոնադրութեան, կը մասնակցին քաղաքներու մարզական խումբերը: Կազմկոմիտէի նախագահը ներկայացուցած է խաղերու ծրագրին մէջ ընդգրկուած մարզաձեւերը, այդ մարզաձեւերէն իւրաքանչիւրին մասով մինչ այժմ ստացուած յայտերը, նաեւ յայտ ներկայացուցած քաղաքներու եւ մասնակիցներու թիւը, որոնք պիտի ամփոփուին յայտերու ընդունման վերջնաժամկէտէն` Յուլիս 15-էն ետք:
Խորհրդակցութեան մասնակիցներուն ներկայացուած են նաեւ Համահայկական խաղերու տարեգրութիւնը` սկսած 1999 թուականէն, մարզակառոյցներու վիճակը, տարբեր նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու մասով ծրագրուած աշխատանքները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է Համահայկական խաղերը բարձր մակարդակով իրականացնելու կարեւորութիւնը եւ տուած է համապատասխան յանձնարարականներ` շեշտելով, որ Համահայկական 6-րդ խաղերը տեղի կ՛ունենան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս եւ կը պահանջեն բոլոր պետական մարմիններէն եւ խաղերու պատասխանատուներէն առաւելագոյն ջանքեր` զայն պատշաճ կազմակերպելու եւ իրականացնելու համար:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

