Մասնակցութեամբ Լիբանանահայ Ուսուցիչներու Եւ Լրագրողներու Աղուերանի Մէջ Աւարտեցաւ Արեւմտահայերէն «Վիքիպեդիա»-ի Զարգացման Նպաստող Ծրագիրը

3-10 Ապրիլ 2015, Աղուերանի «Ոսկէ գետակ» հանգստեան տան մէջ տեղի ունեցաւ «ՎիքիմեդիաՀայաստան»-ի կազմակերպած լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ լրագրողներու Արեւմտահայերէն«Վիքիպեդիա»-ի ստեղծման եւ զարգացման նպաստող ծրագիրի դասընթացք-հաւաքը։ «ՎիքիմեդիաՀայաստան» գիտակրթական հասարական կազմակերպութիւնը, որուն առաջնահերթ խնդիրներէն է աջակցիլ եւ խթանել համացանցի մէջ հայերէն բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով տեղեկութիւններու զարգացման, «Արեւմտահայերէն «Վիքիպեդիա»-ի ստեղծում եւ զարգացում»նախաձեռնութեան շրջանակներուն մէջ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամ»-ի հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ կազմակերպեց «Վիքի դասընթացք՝ Լիբանանահայ կրթական հաստատություններու եւ մամուլի աշխատակիցներու համար»: Դասընթացը նպատակ ունի «Վիքիպեդիա»-ի համակարգողներպատրաստել Լիբանանի մէջ՝ զարգացնելու արեւմտահայերէն «Վիքիպեդիա»-ն եւ տարածելու «Վիքիպեդիա»-ի մասնակցութեան գաղափարները եւ գործիքներու տիրապետումը Լիբանանի մէջ։
Մէկ շաբթուան ընթացքին, մասնակիցները ծանօթացան «Վիքիպեդիա»-ի գաղափարախօսութեան եւ խմբագրութեան գործիքներուն ու եղանակներուն, ինչպէս նաեւ պատրաստեցին եւ «Վիքիպեդիա»-ին մէջ տեղադրեցին արեւմտահայերէն յօդուածներ։ Դասընթացքի մասնակիցները շեշտեցին, թէ արեւմտահայերէնը համացանցի վրայ ապրող լեզու ըլլալու համար աշակերտներն ու երիտասարդները պէտք է մնայուն դրութեամբ գործածեն, եւ այս առնչութեամբ «Վիքիպեդիա»-ն արեւմտահայերէնը կենդանի պահելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է։ Մասնակիցները քննարկեցին «Վիքիպեդիա»-ն Լիբանանի մէջ տարածելու կարելիութիւնները եւ հաստատեցին Լիբանանի մէջ ճամբար մը կազմակերպելու կարեւորութիւնը։
Այս առնչութեամբ, ճշդուեցաւ Լիբանանի մէջ կազմակերպուելիք «Վիքի» ճամբարին ընդհանուր ծրագիրը։ Մասնակից ուսուցիչները շեշտեցին, որ վարժարաններուն մէջ պիտի շարունակեն աշխատանքը՝ համապատասխան քաջալերական եւ աշխատանքային մթնոլորտ ստեղծելով աշակերտութեան մօտ։
Մասնակիցները յայտնեցին, որ լիբանանահայ աշակերտներուն մասնակցութիւնը Հայաստանի ճամբարներուն էապէս կը նպաստէ փորձառութիւններու փոխանակման եւ ծրագիրի զարգացման։
Լիբանանի մէջ «Վիքիպեդիա»-ի աշխատանքներուն համակարգումը պիտի կատարէ Րաֆֆի Տէմիրճեան, իսկ լեզուական եզրերու հետ կապուած հարցերու վերաբերեալ մասնագէտներու հետ համակարգման աշխատանքներով պիտի զբաղի Արմէն Իւրնէշլեան։
Լիբանանահայ ուսուցիչներու եւ լրագրողներու աշխատանքը համադրելու առաջադրանքով, 8 Մայիս 2015-ին, Պէյրութի մէջ պիտի կայանայ հանդիպում մը՝ մօտէն հետեւելու կատարուող աշխատանքներուն եւ ճշդելու հետագայ քայլերը։ Յայտնենք, որ մասնակիցները Երեւանի մէջ այցելեցին «ԱՅԲ» վարժարան, ուր վարժարանի տնօրէն Արամ Փախչանեան ներկայացուց «ԱՅԲ» հիմնադրամի ծաւալած գործունէութիւնը եւ ծրագիրները։
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

