• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Տղաներէն Իւրաքանչիւրի Կեանքին Համար Ազրպէյճանցիները Թանկ Պիտի Վճարեն». Սերժ Սարգսեան

27.01.2015   12:34

ՀՀ Նախագահ, ՀՀ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, երէկ ՀՀ ՊՆ վարչական համալիրէն ներս մասնակցած է պաշտպանութեան նախարարին կից աշխատակիցներու եւ հայկական բանակի կազմաւորման 23-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութենէն:

Մինչ զեկոյցներուն անցնիլը, նիստի մասնակիցները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգած են Հայրենիքի սահմանները արիաբար պաշտպանելու ժամանակ զոհուած մերօրեայ հերոսներու եւ արցախեան ազատամարտի տարիներուն իրենց կեանքը զոհաբերած բոլոր զինծառայողներու եւ ազատամարտիկներու յիշատակը:

Աշխատակիցներու նիստին, որ նուիրուած է 2014թ. ուսումնական տարուան մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստականութեան, մարտական հերթապահութեան, զօրքերու եւ շտապներու գործողութիւններու, մարտական պատրաստութեան արդիւնքներուն, զինուորական կարգապահութեան վիճակին, Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդէս եկած է բացման խօսքով:

Ան իր խօսքին յառաջաբանին մէջ մասնաւորապէս ըսած է.

«Պարոնա՛յք կեներալներ, սպաներ,

«Մինչեւ զեկոյցներին անցնելը, մի քանի խօսք եմ ուզում ասել:

«Ուզում եմ սկսել նրանից, որ տարուայ սկիզբը լարուած էր, եւ մենք ականատեսն ենք հակառակորդի բազմաթիւ նախայարձակ գործողութիւնների: Ունեցանք ցաւալի կորուստներ, որոնց համար սգում ենք` ընկած բոլոր տղերքի ընտանիքների եւ հարազատների հետ միասին: Կարծում եմ` որեւէ մէկը չի կասկածում, որ տղերքից իւրաքանչիւրի կեանքի համար ազրպէյճանցիները թանկ են վճարելու. նրանք թանկ են վճարել, այսօր թանկ են վճարում եւ ապագայում այդպէս էլ լինելու է»:

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner