Կիւմրիի Մէջ Կատարուեցաւ Աւետիսեան Ընտանիքի 6 Անդամներուն Վերջին Հրաժեշտի Արարողութիւնը

Համազգային սուգի մթնոլորտի մէջ, երէկ Կիւմրիի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Աւետիսեան ընտանիքի վեց անդամներուն յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը: Լրատուական աղբիւրներ նշեցին, թէ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժէն ետք, Կիւմրիի մէջ կատարուած այս սպանդը կը համարուի մեծագոյն աղէտ:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յաւուր պատշաճի պատգամ մը փոխանցեց Շիրակի մարզի առաջնորդ՝ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան: Սրբազանը յայտնեց, որ «Կիւմրին չէ վախցած ոչ պարսիկէն, ոչ թուրքէն եւ ոչ ալ ռուսէն»: Շիրակի առաջնորդը նաեւ ըսաւ, որ կիւմրեցին պատասխան կը սպասէ տեղի ունեցած սպանդին մասին եւ իր ըսելով Կիւմրին նման եղեռն մը չէր ակնկալեր իր ռուս եղբօրմէն:
Միւս կողմէ լրատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Կիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Պալասանեան, որ պաշտօնական այցով կը գտնուէր արտերկիր, կէս ձգելով իր այցելութիւնը վերադարձած է Հայաստան՝ մասնակցելու արարողութիւններուն: Նշենք, որ Պալասանեան կը գտնուէր Լոս Անճելոս:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեան այցելած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ խորհրդակցութիւններ ունեցած Կիւմրիի մէջ տեղի ունեցած ծանր յանցագործութեան մասին: Կոստանեան հանդիպումէն ետք խօած է լրագրողներուն եւ ըսած, որ ռուս մեղադրեալ Վալէրի Բրիմիաքով քրէական պատասխանատութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ: Կոստանեան աւելցուցած է, որ Հայաստան այս հարցի առումով ոչ մէկ զիջում պիտի կատարէ յայտնած է նաեւ , թէ այս խնդրին մօտէն հետեւելու համար ան պիտի մեկնի Կիւմրի:
Նոյն ուղղութեամբ կը յայտնուի, որ Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցող երթերը պիտի շարունակուին: Այս մասին լրատուական աղբիւրները նաեւ յայտնած են, թէ Կիւմրիի քաղաքացիները ռուս զինծառայողին կողմէ սպաննուած Աւետիսեաններու ընտանիքի 6 անդամներու յուղարկաւորութիւնէն անմիջապէս ետք՝ պիտի ուղղուին ռուսական զօրակայանին մօտ եւ բողոքի հաւաք կայացնեն: Յիշեցնենք, թէ անոնք կը պահանջեն, որ ռուս մեղադրեալ Վալէրի Բէրմիաքով դատուի Հայաստանի մէջ եւ համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսգիրքին:
Նոյն ծիրեն ներս երէկ յետմիջօրէին Երեւանի Ռուսիոյ դեսպանատան դիմաց բողոքի հաւաք մը տեղի ունեցաւ: Բողոքին մասնակից քաղաքացիները պահանջեցին, որ Կիւմրիի սպանդին մէջ գլխաւոր ռուս մեղադրեալ Վալէրի Բէրմիաքով դատուի եւ իր պատիժը կրէ Հայաստանի մէջ: Դեսպանատան առջեւ ոստիկանութիւնը վահաններով զինուած պաշտպանած է շէնքը իսկ քաղաքացիները քարեր նետած են հիւպատոսարանի շէնքին ուղղութեամբ: Լրատուական տարբեր աղբիւրներ յայտնեցին, որ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է տասնեակ ցուցարարներ: Յիշեցնենք, որ ցուցարարները շուրջ երեք ժամ բանակցած են Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանին հետ պահանջելով Ռուս մեղադրեալին Հայաստանի մէջ դատուիլը եւ քրէական պատիժի ենթարկուիլը:
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

