• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Զօրակցութիւն Սուրիահայ Եւ Անապահով Ընտանիքներուն

21.11.2014   14:22

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ընկերային ծառայութիւնը, “Աջակցութեան կարիքաւոր եւ անապահով ընտանիքներուն” ծրագիրի ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 15-ամեակի առիթով Նոյեմբեր 4-19 նիւթական օգնութիւն ցուցաբերած է Հայաստան ապաստան գտած 150 սուրիահայ ընտանիքներու: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am-ը:

Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգը կը յայտնէ, որ նոյն ծրագրի ծիրէն ներս դրամական եւ նիւթական օգնութիւն յատկացուած է ՀՀ տարբեր մարզերէ 70 առաւել անապահով բազմազաւակ ընտանիքներու, ուսանողներու, հաշմանդամներու եւ միայնակ մայրերու:

www.panorama.am

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner