Նամականի

Սիրելի Սեւակ,
Կը թուի, թէ երակներուս մէջ կը վազէ հայու արիւնը։ Ես ատիկա զգացի, երբ տակաւին փոքր էի։ Ես շատ ամուր կերպով կապուած եմ Հայաստան կոչուող այդ հնամենի վայրին ու մեծ ցաւ ապրած ժողովուրդի մը պատմութեան ու մշակոյթին հետ։
Լիբանանցի գործընկերներուս հետ կ’աջակցինք անարդարութեան դէմ հայութեան մղած պայքարին, ու կը յարգենք իր արմատները բնաւ չմոռցող հայը։ Երբ հայերը Լիբանան հաստատուեցան՝ տկար էին եւ անօթի, բայց ունէին շատ զօրաւոր կամք՝ դիմադրելու այդ ցաւը։ Այս արտասովոր կարողութեան շնորհիւ՝ անոնք մեծ նուաճումներ ու յաջողութիւններ ձեռք բերին։ Լիբանանցիները ունին նոյն հայրենասիրական զգացումը, ինչպէս՝ հայերը։ Անոնք յամառօրէն կը պայքարին արդարութեան համար։
Հայերը շատ մեծ նպաստ ունին Լիբանանի տնտեսութեան եւ մշակութային կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ միասնականութեան որպէս օրինակ կը ծառայեն: Այս պատճառով է, որ լիբանանցիք պէտք է յարգեն հայերը եւ անոնց ներկայացուցիչները լիբանանի պետութեան մէջ:
Հայերու հետ կապերս շատ հին են։ Ընտանիքս շատ մեծ էր ու համեստ ապրող։ Պատանի հասակիս չէի կրնար համալսարան յաճախել, եւ օր մը, բարեբախտաբար, գտայ «Զարթօնք» օրաթերթը։
«Զարթօնք»-ի ատենի փոխ-խմբագիրը՝ Նազարէթ Թոփալեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը օգնեցին գոհացնելու լրագրողական ցանկութիւններս։ Տպագրութեան հանդէպ սէրս՝ ինծի առիթ ընծայեց գործս շարունակելու օրաթերթին մէջ։ Աւելին, Նազարէթ Թոփալեանը՝ հօրս կրցաւ համոզել զիս ղրկել գիշերային դպրոց։
Նազարէթ հօրս ըսած էր թէ իր տղան շատ յաջող լրագրող կրնայ դառնալ։ Յետագային յաճախեցի բժշկական համալսարան, սակայն աւարտելէ ետք միտքս փոխեցի, որովհետեւ ճակատագիրս արդէն գծուած էր անցեալին։
Բժշկութեան կողքին, ուսանեցայ նաեւ քաղաքական գիտութիւններ եւ այժմ զինուորական լրագրող եմ ու կ’աշխատիմ աշխարհի ամենաբուռն կէտերէն մէկուն մէջ՝ Սուրիա, ինչպէս նաեւ, կամաւոր կերպով կ’աշխատակցիմ Armenpress-ին։
Հայաստանը սրտիս մէջն է: Այնքան ատեն, որ սիրտս կը բաբախէ՝ կը սիրեմ Հայաստանը իբրեւ իմ երկիրս։ Այնքան ատեն, որ սիրտս կը բաբախէ, պիտի պայքարիմ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման օգտին։
ԹԱԼԱԼ ԽՐԷՅՍ
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

