• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՅ ՆԱՄԱԿԱՆԻ

14.07.2014   18:02

[divide]

Ընկերական ջերմ ողջոյնով, բարի երթ ու կանաչ ճանապարհ կը մաղթեմ ՌԱԿ մամուլին:

Աւետիս Տիպան

17 Յուլիս 2014

[divide]

Wide ranging often in depth coverage of varied interest.

Van Aroian

13 July 2014

[divide]

I like it, very nice, congratulation on a very nice job done.

Noubar Erganian

12 July 2014

[divide]

Կը շնորհաւորենք եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ ձեր առաքելութեան:

Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» շաբաթաթերթի

Գլխաւոր խմբագրուհի
Զարմիկ Պօղիկեան

12 Յուլիս 2014

Հալէպ

[divide]

Dear Sevag
Congratulations for the new RAG website.
it looks good and more user friendly.
I am wondering if yo had time for the poem “partsratsir..”?
and
do you think the website has room to put such famous “poem of the day”
in Armenian and English translation? it would help some 2nd generation children of Armenian families of Syria/Lebanon to read it in UK, USA etc?
thanks
Ara Nahabedian

[divide]

Սիրելի Ընկեր Սեւակ Յակոբեան,

Ուրախ եղայ իմանալով որ Ռ.Ա.Կ Մամուլի պատասխանատուութիւնը ստանձնած ես շարունակելու համար ընկեր Ասատուրին կատարած հանրօգուտ աշխատանքը, որուն մասին չեմ վարանիր ըսելու, թէ մեր կուսակցութեան ամենապատուաբեր աշխատանքն է:

Ռ.Ա.Կ Մամուլի կատարած դերին եւ վայելած ժողովրդականութեան մասին գնահատանք լսած եմ ոչ միայն կուսակցականներէ, այլ նաեւ անկուսակցական բարեկամներէ: Լիայոյս եմ որ նոյն յաջողութեամբ պիտի շարունակես ընկեր Ասատուրին քեզի ժառանգ ձգած գործը:

Հայաստան բնակող աղջիկս՝ Սեւանը արդէն քու օգնութեանդ դիմած է Ազրպէյճանի սահմանամերձ շրջանի գիւղաբնակ հայ ժողովուրդին օգտակար ըլլալու համար:

Շատ ուրախ եղայ տեղեկանալով որ զաւկիս՝ Շահէին հետ դասընկերներ եղած էք Յովակիմեան վարժարանին մէջ: Շահէն ջերմօրէն կը բարեւէ քեզի:

Սիրով եւ Յաջողութեան մաղթանքներով՝

Հայկ Նագգաշեան

7 Յուլիս 2014

Մոնթրէալ

[divide]

Shad Harkeli Enguer Sevag,
My warmest congratulations on your new position. Well deserved.
Enguer Varto Papasian
Vancouver, Canada
July 2014
Share Button

5 responses to “ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՅ ՆԱՄԱԿԱՆԻ”

  1. Sepetjian says:

    Բարեւ խմբագրութիւն,
    Կը շնորհաւորեմ առաջին լուրջ քայլը ՌԱԿ-Մամուլի կայքին եւ կը մաղթեմ արագ զարգացում եւ մնայուն բարելաւում՝ քայլ պահելու համար աշխարհին հետ։ Ուշ ենք, բայց ոչ ուշացած։
    Խնդրանք-սրբագրութիւն մը։ Ամէնէն վերը, սկիզբը, Բաժանորդագրուիլ բայը հրամայական եղանակ, եզակի կ՚ըլլայ բաժանորդագրուէ (արեւմտահայերէն), ինչպէս սորվիլ՝ սորվէ, պառկիլ՝ պառկէ, եւայլն։ -իլ վերջացող բայերը ունին այս ձեւը։ Յաճախ բոլորս ալ սխալ կը խօսինք, սակայն պարտաւոր ենք ճիշդ գրել։
    Շնորհակալութիւն։
    Հրաչ

  2. Hrayr Jebejian says:

    Mr. Sevag Hagopian and
    The Editorial committee of RAG MAMOUL
    Beirut- Lebanon

    Dear Mr. Hagopian,

    i want to take this opportunity to congratulate you and your colleagues on the editorial board for re-initiating, with a wider vision and a post modern technology, the RAG MAMOUL media web page.

    The “MAMOUL” has and will continue to play a crucial role in maintaining our Armenian Identity and culture. “MAMOUL” has always been a driving force to help our Armenian communities all around to meet and face the many challenges that we as a nation go through. In this respect, your efforts in re-enrgyzing and re-developing the RAG MAMOUL in a new modern context are very encouraging.

    I wish you all the best in all your endeavours. keep up the good work.

    Sincerely,

    Dr. Hrayr Jebejian
    General Secretary- The Bible Society in the Gulf

  3. Artoun Hamalian says:

    Յարգելի Խմբագրութիւն,
    Ատենէ մը ի վեր կը հետեւիմ կայքէջին որ արագ քայլերով կը յառաջանայ: Կը խորհիմ որ կայքէջին կապուելու հակումը ընթերցողին մօտ կը շեշտուի եթէ փոխանակ “Check What’s New Today”ի դնէք օրուան ուշագրաւ մէկ խորագիրը:
    Յաջողութեան մաղթանքներով՝
    Արթուն

    • admin says:

      Շնորհակալութիւն Ձեր շինիչ առաջարկին համար: Անպայման նկատի կ՛ունենանք:
      Յարգանքներով՝
      ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ

Leave a Reply to admin Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner