• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալած Են Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան Փոխնախագահը

29.12.2016   08:39

Անգարայի մէջ ձերբակալուած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան (HDP-ԺԺԿ) փոխնախագահ Այսէլ Թուղլուքը:

Ըստ թրքական «NTV»-հեռուստաալիքի կայքին` Թուղլուքը ձերբակալուած է Տիարպեքիրի հանրապետական դատախազութեան կողմէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան (PKK-ՔԲԿ) դէմ իրականացուող հետաքննութեան ծիրէն ներս: Թուղլուքը իրաւապահներու կողմէ տեղափոխուած է Տիարպեքիր: Կը նշուի, որ նոյն հետաքննութեան ծիրէն ներս եւս 5 հոգի ձերբակալուած են Տիարպեքիրի մէջ:

Թուղլուքը 2007-2011 եւ 2011-2015 թուականներուն եղած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Յիշեցնէք, որ Նոյեմբեր 4-ին ձերբակալուած քրտամէտ կուսակցութեան անդամ 12 պատգամաւորներէն 9-ին, որոնց շարքին` կուսակցութեան համանախագահներ Սելահաթթին Տէմիրթաշի եւ Ֆիկէն Եուքսեքտաղի վերաբերեալ Նոյեմբեր 9-ին կալանաւորման որոշում տրուած էր: Նոյեմբեր 11-ին ալ կալանաւորուած էր Հաքքարիէն ընտրուած պատգամաւոր Նիհաթ Աքտողանը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner