Կէաւուր Թաղին Մէջ Կէաւուր Չէր Մնացած, Հիմա Թաղամասն Ալ Չմնաց

Թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեանը
Երբ 2015 թուականի Դեկտեմբեր 2-ին Տիարպեքիրի Սուր գաւառին մէջ յայտարարուած փողոց դուրս գալու արգելքը վերջերս մասամբ վերացուեցաւ, սկսան ի յայտ գալ Սուրի կրած վնասներուն չափերը:
Սուր գաւառին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւնները բացայայտեցին, որ վնասուած է եկեղեցւոյ ոչ այնքան դուրսի, այլ` ներսի կողմը, որ 6 ամիս ոչ ոք չէր կրնար տեսնել` բախումներու թատերաբեմին մէջ գտնուելուն պատճառով:
Տիարպեքիրի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանները եկեղեցին այցելելէ ետք յայտնած են, որ եկեղեցւոյ պատերը, տանիքը եւ զանգակատունը լուրջ վնասներ չեն կրած:
Սակայն, միւս կողմէ, անոնք արձանագրած են, որ եկեղեցւոյ բոլոր ապակիները կոտրուած են, անիկա օգտագործուած է որպէս ռազմակայան, նստարանները պատուհաններուն յենելով` պատնէշներ ստեղծած են, մէջը վառարան սարքած են, ուր այրած են որոշ նստարաններ, իսկ եկեղեցիին ներսը` աղբանոցի վերածած:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները նշելով, թէ մեծ աւերածութեան ենթարկուած է յատկապէս Սուրբ Կիրակոսի այգիին մէջ գտնուող փոքր եկեղեցին, նաեւ յայտնած են. «Թալանուած է եկեղեցւոյ գրասենեակը, կողոպտուած` վաճառելու նպատակով այստեղ գտնուող գիրքերը, ինչպէս նաեւ` նուէրները: «Քահանայատուն» անուանուող ներքեւի յարկին վրայ բացուած է մեծ անցք մը, որմէ կապ հաստատուած է Սուրբ Կիրակոսի կողքը գտնուող քաղդէական եկեղեցւոյ հետ»:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները նաեւ ընդգծած են, որ մեծ չափով աւերածութեան ենթարկուած է նաեւ այն փողոցը, ուր կը գտնուի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:
Անոնք յայտնելով թաղամասի բոլոր խանութներու ու տուներու քանդուած ըլլալու մասին, նշած են, որ առաջ նեղլիկ եղած այդ փողոցը այժմ ամբողջովին դատարկ է եւ վերածուած է բաց տարածքի մը, նաեւ շեշտած են, թէ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին եւ քաղդէական եկեղեցիին պատկանած շուրջ 25 խանութները եւս գետնին հաւասարեցուած են:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները յայտարարած են. «Յատկապէս Մկրտիչ Մարկոսեանի փողոցը այլեւս հարթ տարածք է, որմէ նոյնիսկ Մարտինքափըն կ’երեւի: Կէաւուր թաղը այլեւս ամբողջովին դատարկ է եւ մեծ տարածք: Խճաքարերը հաւաքուած են, բայց Եօղուրթփազար փողոցին մէջ տուները դեռ կանգուն են: Կէաւուր թաղին մէջ կէաւուր չէր մնացած, հիմա թաղամասն ալ չմնաց»,- «Ակօս»-ին կը գրէ Նազան Օզճանը:
Akunq.net
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

