• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Այնքան Ատեն ՈրԵս Ողջ Եմ Չեմ Կարծեր Որ Թուրքիան Եւրոպական Միութեան Անդամ Դառնայ». Ճորճ Օսպըրն

12.06.2016   22:07

Մեծ Բրիտանիոյ ելեւմտական նախարար Ճորճ Օսպըրնի կարծիքով՝  Թուրքիան մօտ ապագային չի դառնար Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) անդամ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյեթ» պարբերականի հաղորդած տեղեկութիւնները։

Օսպըրնը հրաւիրուած է BBC-ի պատրաստած հաղորդման, որուն ընթացքին ան խօսած է Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հնարաւորութեան մասին:

«Այնքան ատեն որ ես ողջ եմ, չեմ կարծեր, թէ Թուրքիան կը դառնայ ԵՄ-ի անդամ: Կ՝ըլլա՞յ արդեօք Թուրքիան ԵՄ-ի անդամ: Ո՛չ: Թուրքիան նահանջ կ՛ապրի: Այնտեղ  մարդոց եւ ժողովրդավարութեան հետ կապուած հարցերու մէջ լուրջ խնդիրներ կան», նկատած է նախարարը:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ այս պահուն Մեծ Բրիտանիան կողմնակից չէ, Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան: Ըստ Օսպըրնի բրիտանական կառավարութիւնը շուտափոյթ կերպով պիտի յայտնէ իր դիրքորոշումը՝ Թուրքիոյ ԵՄ-ին անդամակցելու հարցով:

Հաղորդման ժամանակ Օսպըրնին յիշեցուցած են, որ ոչ վաղ անցեալին Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կողմ էր Թուրքիոյ անդամակցութեան:

Նշենք, որ երկու շաբաթէն Մեծ Բրիտանիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրաքուէ, որմով պէտք է յայտնի դառնայ երկիրը կը շարունակէ՞ ըլլալ ԵՄ-ի անդամ, թէ՝ ոչ: Թրքական աղբիւրը կը նշէ, որ ԵՄ-ի կազմէն Մեծ Բրիտանիոյ դուրս գալու կողմնակիցներէն է արդարադատութեան նախարարը, որ մէկ օր առաջ յայտարարած էր, թէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն  համար Եւրոպայի մէջ վիզայի վերացումը մեծ վտանգ կ՛ենթադրէ:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner