Փարիզի Քաղաքապետութիւնը Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ընդառաջ Բանաձեւ Կ՛որդեգրէ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին, Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է 2015ին Փարիզի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած՝ յիշատակի, տեղեկատուական եւ ժխտողականութեան դէմ ուղղուած միջոցառումներ իրականացնելու մասին Փարիզի քաղաքապետարանի ուղերձը: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Փարիզի քաղաքապետարանին, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի «2015 Յանձնախումբ»ին համատեղ աշխատանքներով ձեռք բերուած համաձայութիւնները արտացոլող ուղերձը, քաղաքապետական խորհուրդի քննարկման ներկայացուցած են յիշատակումներու հարցերով քաղաքապետի տեղակալ Քաթրին Վէօ Շարիէն եւ միջազգային կապերու գծով քաղաքապետի տեղակալ Փաթրիք Քլիւկմանը:
«Nouvelles d՛Armenie»ի համաձայն՝ ուղերձին մէջ Կ՛ըսուի.
«Նկատի առնելով 2001թ. Յունուար 29ին Ֆրանսայի կողմէ 1915ի Ցեղասպանութեան հրապարակային ճանաչումը,
Նկատի առնելով Փարիզ քաղաքի յանձնառութիւնը՝ ցեղասպանութիւններու յիշատակման մէջ,
Նկատի առնելով, որ հակառակ պատմական փաստերուն, հայերու՝ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը ցարդ կը շարունակուի, եւ այդ ժխտողականութիւնը զոհերու յիշատակին եւ անոնց յաջորդած սերունդներուն արժանապատուութեան ուղղուած վիրաւորանք է,
Նկատի առնելով Փարիզի հայ համայնքի ներդրումը՝ քաղաքի զարգացման, մշակոյթի եւ հանրահռչակման գործին մէջ,
Նկատի առնելով Փարիզ եւ Երեւան քաղաքներուն միջեւ 1998ի Նոյեմբեր 10ին ստորագրուած համագործակցութեան համաձայնագիրը եւ 2011ին կատարուած անոր ամբողջացումները՝
Փարիզ քաղաքը, Հայաստանի Հանրապետութեան, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի «2015 Յանձնախումբ»ին եւ Փարիզի հայկական կազմակերպութիւններուն հետ համատեղ, պիտի նշէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը՝ Ցեղասպանութեան իրողութեան տարածման, ճանաչման, գիտակցման ու ժխտողականութեան դէմ պայքարին ուղղուած ծրագիրներու միջոցով,
Փարիզի 9րդ թաղամասը, մեկնելով Ցեղասպանութենէն փրկուածները ընդունելու իր պատմական դերէն՝ սերտօրէն ներգրաւուած պիտի ըլլայ ծրագիրներու իրականացման,
Փարիզի քաղաքապետարանի ցուցադրասրահին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ մեծ ցուցահանդէս պիտի կայանայ 2015ի առաջին կիսամեակին եւ Փարիզ, այդ առիթով, պիտի հիւրընկալէ Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանի հաւաքածոները,
Ազգային կրթութեան գերատեսչութեան հետ համագործակցութեամբ պիտի կազմակերպուին ուսումնադաստիարակչական աշխատանքներ՝ Փարիզի հանրակրթական հաստատութիւններուն մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան, Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայ համայնքի պատմութեան մասին, որպէսզի Փարիզի եւ յատկապէս 9րդ թաղամասի պատմութեան անբաժանելի մէկ մասին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը խրախուսուի,
Փարիզ քաղաքը լաւագոյնս պիտի արժեւորէ Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ Փարիզի զարգացման մէջ հայ համայնքի ներդրումներուն մասին լայն տարածման ուղղուած հասարակական նախաձեռնութիւնները,
Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կազմակերպուող յիշատակի միջոցառումներուն ծիրէն ներս, Փարիզի քաղաքապետը Երեւան պիտի այցելէ 2015ին»:
www.news.am
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

