Թալին Պապայեանի «Փեսադ Ո՞ւր է» (Բ.) Զաւեշտի Յաղթական Ելոյթը Նիւ Եորքի Մէջ

Շուրջ վեց հարիւր հանդիսականներ, Կիրակի Մարտ 26-ի յետմիջօրէին, Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանի ճամբարին վրայ գտնուող Miller արդիական թատերասրահին մէջ բիւր բերկրանքով ըմբոշխնեցին Թալին Պապայեանի «Ո՞ւր է Փեսադ» զաւեշտին երկրորդ հատուածը։
Ճշդուած ժամուն, երբ մթութիւնը տիրեց սրահին մէջ, ներկաները՝ բարձր ակնկալութեամբ եւ հասկնալի անհամբերութեամբ կը սպասէին վայելելու այս նոր կատակերգութիւնը, որուն համբաւն ու ջերմ ընդունելութիւնը՝ երեք տարի առաջ նուաճած էր Հիւսիսային Ամերիկայի հայահոծ տասը գաղութները։
Այս մէկը, սակայն, հակառակ զաւեշտի նիւթի միեւնոյն առանցքը կազմելուն, կը խոստանար գերազանցել առաջինը։ Եւ այդպէ՛ս ալ պատահեցաւ։ Ներկաներուն լիայագաք խնդուքը՝ վարագոյրին բացուելուն հետ՝ սկսաւ արձագանգել սրահին մէկ ծայրէն միւսը։
Ծաղրալից այս թատերախաղը կը զգենու խորունկ խորք՝ դրսեւորելով ամերիկահայ ժամանակակից կեանքի ամէնէն կնճռոտ հարցերէն մէկը՝ ամուսնութիւն։
Իբրեւ ուշադիր ուսանող ամերիկահայ իր սերունդի տուայտանքներուն՝ ամուսնութեան հրատապ խնդիրին ի տես՝ Թալին Պապայեան հարազատ գոյներով կը բնութագրէ բոլոր այդ մարտահրաւէրները, որոնց դէմ յանդիման կու գան թէ՛ ամերիկահայ ներկայ սերունդը եւ թէ՛ անոր ծնունդ տուող սերունդը։
Ինչպէս «Փեսադ ո՞ւր է» առաջին թատերախաղը, այս մէկը եւս, սեփական մտայղացումն է երիտասարդ եւ տաղանդաւոր գրող Թալին Պապայեանի։ Վիթխարի աշխատանք մը, արդարեւ, երբ նկատի ունենանք, թէ իր անձնական ճիգերով՝ ան գրած եւ բեմադրած է անգլիատառ եզակի այս գործը։ Առաւել, շնորհիւ տքնաջան աշխատանքի եւ աննկուն կամքի, Թալին յաջողած է բեմ հանել ամերիկահայ 16 համալսարանաւարտ երիտասարդ երիտասարդուհիներ, որոնք անթերի կերպով կեանքի կոչած են իրենց խաղցած տիպարները։ Յաջողութեամբ պսակուած այս ելոյթը արգասիքն է ամբողջ տարուան մը աշխատանքին. Շաբաթական փորձեր, բեմական արուեստի արդիական մօտեցում, որուն սատար հանդիսացած էր շուրջ տասը անդամներէ բաղկացած խումբ մը դերասանական կազմին առընթեր։
Մատչելի խորք եւ համատարած բովանդակութիւն ունեցող ինքնատիպ այս գործը՝ հնարամիտ նորութիւններով ներկայացուեցաւ արագ կշռոյթով եւ սահուն ոճով։
Հոս կը գտնէք երեսունը թեւակոխող պէյրութահայ ծնողքի Ամերիկա ծնած դուստրը։ Աւատապետական ընտանիքին գլուխը Գօգօն է՝ դասական առումով հայ հայրը, որուն կողքին հիւրասէր եւ հնազանդ կինը, մայրը՝ ամուրի Լարային, անգործ փաստաբան եղբայրը եւ պոլսահայ արմատ ունեցող մեծ մայրը։ Փաղաքշական կերպով «եա եա» կոչուող մեծ մօրը ինքնակոչ առաքելութիւնն է յարմար ամուսնական թեկնածու մը որոնել իր թոռնուհիին։
Մեծ մօտ թեկնածուներուն շարքին են լիբանանահայ, թրքահայ, պարսկահայ ընտանիքներու զաւակներ։ Անոնց ծանօթացումը համակարգուած է զուարճագեղ կերպով՝ ներկաներուն առթելով զուարթութեան ու խնդուքի անմոռանալի պահեր՝ զաւեշտը հասցնելով իր գերագոյն բարձունքին։
Սակայն, այս բոլորէն հեռու, Լարան կ’ապրի հոգեկան խռովալի պահեր։ Իր նախասիրութիւնը բնազդաբար կը յարի գեղադէմ օտար երիտասարդին, որուն հետ արուեստի բնագաւառէն ներս՝ երկուստեք կը տածեն խոր հետաքրքրութիւն։ Վերլուծական հմուտ մօտեցումով՝ Լարան կը բացատրէ օտարազգի երիտասարդին, թէ հակառակ անոր պատրաստակամութեան՝ ընդունելու (իւրացնելու) Լարայի մշակութային պատկանելիութեան սահմանումը, երիտասարդը երբեք պիտի չկարենայ լիովին ըմբռնել Լարային իւրայատուկ ազգային ինքնութիւնը։ Հետեւաբար, այդ երեւոյթը կը հանդիսանայ գերակայող խոչընդոտը զոյգին հաւանական միութեան։
Նշանակալի հմտութեամբ մը Թալին Պապայեան կը բնութագրէ ամերիկահայ ժամանակակից ընկերային-հասարակական կեանքը իր զանազան խաւերով, իր գունաւոր հակասութիւններով, բաղկացուցիչ տարրերով (պոլսահայ, պէյրութահայ եւ այլն), որոնք կը հարստացնեն (կամ կը բարդացնեն) գաղութային մեր գոյավիճակը։
Եւ վերջապէս Լարան կը գտնէ պէյրութահայ ծնողք ունեցող, սիրոյ հանգանակ, կեանքի իր ընկերը։ Սակայն, երկու կողմերը՝ ամուսնական նախապատրաստական կարգադրութիւններու ընթացքին կը գտնուին հակադիր դիրքերու վրայ՝ գաղափարական տարակարծութիւններու պատճառով։
***
Օրդ. Թալին Պապայեան թոռնուհին է տէր եւ տիկին Երուանդ եւ Ռոզին Պապայեաններու։ Մեծ հայրը, վաստակաշատ դաստիարակ, հեղինակ եւ ազգային գործիչ: Տասնեակ տարիներու տնօրէնը եղած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանին: Ան լայնօրէն աշխատակցած է «Նոր Օր»-ին եւ ընդհանրապէս արտասահմանեան հայ մամուլին։
Օրդ. Պապայեան՝ փոքր տարիքէն՝ իր կարգին հրատարակած է անգլերէն լեզուով յօդուածներ, ամերիկահայ մամուլին մէջ։ Ստացած է Մագիստրոսի տիտղոս Գոլոմպիա համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքէն, իսկ Պսակաւոր արուեստից տիտղոսը՝ Պոսթընի մօտ գտնուող Թաֆթց համալսարանէն։ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած անգլերէն լեզուով թատերգութիւն մը «Սուրբ Բարկութիւն» ներկայացուցած է Նիւ Եորքի «Օֆ Պրոտուէյ»-ի վրայ, երկու իրերայաջորդ երեկոներ, լեցուն սրահ՝ հայ եւ օտար արհեստավարժ դերասան-դերասանուհիներով՝ արժանանալով հայ թէ օտար հանդիսականներու բարձր գնահատականին։
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

