• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Պատերազմէն Վեց Տարի Անց Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Մեռելոցի Առիթով Պատարագ Մատուցուած է

19.04.2017   19:01

Ապրիլ 17-ին առաւօտուն, ի յիշատակ մեռելոցի, Հալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ, 6 տարուան ընդմիջումէն ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ հոծ բազմութեան եւ հիւրերու ներկայութեան, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը:

Ապա սրբազան հայրը ներկայացուց օրուան պատգամը, որմէ ետք հանդիսաւոր թափօրը շրջագայեցաւ մատրան շրջափակին մէջ ու խաչաձեւ ուղղութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն տեղի ունեցաւ՝ հալէպահայ ննջեցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Media Partner