Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանի Կազմակերպած Պտոյտը Դէպի Taanayel Եւ L’Universe d’Albert

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը կը կոչուի նաեւ Զատիկ, որ կը նշանակէ զատում, հեռացում, բաժանում մեղքէն եւ վերադարձ առ Աստուած: Այս տօնը կը համարուի Քրիստոնեայ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հնագոյն եւ գլխաւոր տօնը՝ հինգ տաղաւար տօներէն մէկը:
Զատիկը շարժական տօն է, այսինքն իւրաքանչիւր տարի անոր յիշատակութեան օրը կը փոխուի: Հայ Առաքելական եկեղեցին զայն կը տօնէ գարնան գիշերահաւասարի յաջորդող լուսնի լրման առաջին Կիրակի օրը՝ Մարտ 22-էն Ապրիլ 26-ի ժամանակահատուածին վրայ: Այս տարի զայն պիտի տօնենք 16 Ապրիլին:
Հետեւաբար, վարժարանիս հոգաբարձութեան նախկին անդամ՝ Տիար Վահէ Արթինեանի նախաձեռնութեամբ, այս տօնին առիթով Երկուշաբթի 10 Ապրիլ, 2017-ին Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարան այցելեցին Samaritan’s Purse կրօնաբարեսիրական հաստատութեան անդամները, որոնք վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ ներկայացան դաստիարակչական թատերախաղով մը, աշակերտներուն փոխանցելով սիրոյ, ներողամտութեան եւ համերաշխութեան գաղափարները: Ապա աշակերտները ստացան նուէրներով լի տուփ մը:
Հետաքրքրականը այն էր մեր աշակերտներուն համար, թէ անծանօթ եւ օտարազգի մանուկ մը ի՞նչ կրնար ղրկած ըլլալ իրենց:
Իսկ Չորեքշաբթի 12 Ապրիլ, 2017–ին, առաւօտ կանուխ Ա-էն 9-րդ դասարններու աշակերտները իրենց դաստիարակներով ուղղուեցան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր հաղորդուեցան Քրիստոսի Ս. արեամբ եւ մարմնով: Ապա վերադարձան դպրոց, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ծնողաց յանձնախումբի կողմէ: Վերջապէս աշակերտները ցնծութեամբ բարձրացան հանրակառք՝ ուղղուելու համար Taanayel, ուր անոնք անցուցին զուարճալի ժամեր՝ հեռու քաղաքի ժխորէն, տեսնելով ծաղկած բնութիւնը, ինչպէս նաեւ ընտանի անասունները, որոնց մասին այնքան հաճոյքով սորված էին իրենց դասագիրքերուն մէջ: Աշակերտները այնքան ուրախ էին, որ ակամայ հեռացան այդ վայրէն:
Իսկ մանկապարտէզի փոքրիկները Ս. Զատկուան Տօնը յիշատակեցին ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտով մը։ Գունաւորեցին հաւկիթներ, շաղեցին, կաղապարեցին ու եփեցին աւանդական կրկնեփուկներ, պատրաստեցին գեղեցիկ ձեռայիններ, որմէ ետք պատրաստ եղան հիւրընկալելու Ժանօ Նապաստակը։ Անոնք պարեցին ու ցատկեցին նապաստակին հետ, համտեսեցին կրկնեփուկները ու խանդավառուեցան հաւկթախաղով, ապա ուղղուեցան L’Universe d’Albert մանկական զուարճավայրը շարունակելու համար Զատկուան պատրաստուած յատուկ յայտագիրը ։
Ս. Յարութեան տօնին նախընթաց երեկոյեան, եկեղեցիներու մէջ կը մատուցուի Ճրագալոյսի Ս. պատարագ, որու ընթացքին Ս. հաղորդութիւն ստանալով դուրս կու գան պահքէն: Հաւատացեալները զիրար կ’ողջունեն «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով եւ կը ստանան «Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստոսի» պատասխանը: Այս տօնին հաւատացեալները հաւկիթ կը ներկեն, որ կը համարուի Յարութեան եւ նոր կեանքի խորհրդանիշը:
Ս. Զատկուան տօնին առիթով ջերմապէս կը շնորհաւորենք ձեզ, մաղթելով ձեզի ամենայն բարիք:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

