Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տասը Կուսանաց Յիշատակի Ժամերգութիւնը

Աւագ շաբաթուան ընթացքին հայ եկեղեցին կը շարունակէ յիշատակել մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի գալստեան խորհուրդը, որուն նուիրուած են օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներն ու շարականները։ 11 Ապրիլ, 2017-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Աւագ Երեքշաբթի օրուան յատուկ «Տասը Կուսանաց» յիշատակի «Երեկոյեան» ժամերգութիւնը։ Մատթէոս Աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ պատմուած «Տասը Կոյսերու» առակը, ուրկէ առնուած է ժամերգութեան անունը, կո՛չ մըն է քրիստոնեաներուն պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալու, Տիրոջ երկրորդ գալուստը դիմաւորելու։
Աւետարանական ընթերցումի ընթացքին, Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի տասը ուսանողուհիներ առաջնորդուեցան Մայր Տաճարին դասը, իրենց ձեռքին ունենալով լապտերներ։ Առակին մէջ փեսային գալուստը նկարագրող բաժնի ընթերցանութեան ընթացքին, ուսանողներէն հինգը շիջուցին իրենց լապտերներուն մոմերը, որպէս խորհրդանիշ անպատրաստ եւ յիմար կոյսերուն։ Իսկ միւս հինգը վառ պահեցին իրենց մոմերը, որպէս խորհրդանիշ իմաստուն կոյսերուն, որոնք պատրաստ էին փեսային գալստեան։ Առակը յիշեցում մըն է, որ քրիստոնեաներ պարտին իրենց կեանքերը ապրիլ աւետարանական ճշմարտութեանց գիտակցութեամբ եւ իրենք զիրենք պատրաստել Տիրոջ դատաստանին առջեւ կանգնելու։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Մայր Տաճարի փոխ-լուսարարապետ՝ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի առաջնորդութեամբ, «տասը կոյսերը» եւ իրենց ծնողները բարձրացան Վեհարան, ուր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց եւ օրհնեց զիրենք։ Նորին Սրբութիւնը խօսելով օրուան խորհուրդին մասին իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց։ Ան նաեւ յիշեցուց մեր եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններուն, կառչած մնալու կարեւորութիւնը։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր ուսանողուհիի օրհնուած խաչ մը նուիրեց։
Leave a Reply
News
-
10.08.2020
Armenia delegation meets with Catholicos-Patriarch Krikor Bedros XX in
-
10.08.2020
Tehran’s Armenian church holds requiem in honor of Beirut explosion
-
10.08.2020
Lebanese Government prepares to resign
-
08.08.2020
200 new cases and 8 deaths in last 24 hours – Armenian Center For Disease
-
08.08.2020
Artsakh reports 2 coronavirus cases in last 24 hours
-
08.08.2020
Sarkissian visits bombarded border town, praises hero villagers and troops
-
08.08.2020
Over 300 ceasefire violations by Azerbaijan in one week, says Artsakh
-
07.08.2020
Post-Soviet area priority for Russia's foreign policy – Putin
-
07.08.2020
Sarkissian discusses Beirut Armenian community relief programs with AGBU
-
07.08.2020
13 Lebanese-Armenians killed in Beirut blast – embassy

